ՔԱՆԴԵԼԸ ԴԻՒՐԻՆ Է

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ շփումներ ունեցաւ Տոհայի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ Քաթարի Էմիր Էլ Սանիի կողմէ։ Էրտողան այսպէսով աւարտեց իր երկօրեայ շրջայցը դէպի Արաբական ծոցի երկիրներ։ Քաթարէն առաջ ան այցելած էր Քուէյթ եւ Սէուտական Արաբիա։ Տոհան հանդիսացաւ Էրտողանի շրջայցի վերջին փուլը, ուր ան տեղւոյն ղեկավարութեան հետ շօշափեց Քաթարի ճգնաժամին վերաբերեալ զանազան խնդիրներ։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Էրտողան ընդգծեց, որ բանակցութիւններուն ընթացքին խորհրդակցած են Քաթարի ճգնաժամի յաղթահարման հեռանկարներուն շուրջ։ Ան շեշտը դրաւ տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան եւ անվտանգութեան կլիմայի մը կառուցման կարեւորութեան վրայ։ «Բնականաբար քանդելը դիւրին է, քանդուածի վերականգնումը միշտ ալ եղած է աւելի դժուար։ Միջպետական յարաբերութիւններու մէջ սա աւելի ժամանակ ու ջանք կը պահանջէ», ըսաւ Էրտողան։

Էրտողան կրկնեց Սէուտական Արաբիայէն սպասումները եւ գնահատանքի արժանի համարեց վերջին շրջանին Քաթարի կողմէ որդեգրուած դիրքորոշումը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 25, 2017