«ԲԱՌԱՍՏԱՆ» ԲԱՌԱՐԱՆ

Համացանցային մթնոլորտի մէջ բառարաններու գոյութիւնը հետզհետէ աւելի մեծ նշանավկութիւն կը ստանայ՝ լեզուի պահպանման խնդիրներուն տեսակէտէ։ Վերջերս, համացանցի վրայ հաստատուեցաւ «Բառաստան» անուն բառարան մը՝ արեւմտահայերէնէ ֆրանսերէն եւ ընդհակառակն։ Բնաբանական առցանց բազմամուտք այս բառարանը իրականութիւն դարձած է ֆրանսահայ երեք մտաւորականներու՝ Անահիտ Տօնապետեանի, Կարօ Առաքելեանի եւ Ֆլորին Տէյիրմենճեանի հեղինակութեամբ։ «Բառաստան»ի վերաբերեալ վերջերս Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ Անահիտ Տօնապետեանի հետ հարցազրոյց մը լոյս տեսաւ՝ Ժիրայր Չոլաքեանի ստորագրութեամբ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այս տեսակցութիւնը։

*

-Կարելի էր ամփոփ կերպով ներկայացնէիք «Բառաստան»ի ծրագիրը։ Ան ինչո՞վ կը տարբերի «Նայիրի» կայքէջէն։

-«Նայիրի» կայքէջը թուայնացուած բառարաններու շտեմարան մըն է, իսկ «Բառաստան»ը ամբողջովին նոր բառարան մը, որու նիւթերը ամբողջութեամբ մենք՝ հեղինակներս մշակած ենք։ Օտար լեզուի մը բառապաշարը սորվելու համար զանազան օժանդակներ գոյութիւն ունին, օրինակ՝ «Ophrys» հրատարակչատունը le mot et l՚idée (բառը եւ գաղափարը) անունով շարք մը ունի, ուր հինգ հազար բառով լեզուի մը ուսուցման հիմքը կը դրուի։ «Ինալքօ» ուսանած ժամանակ Ֆլորին Տէյիրմենճեանը նպատակ ունեցած էր նման ուղեցոյց մը պատրաստելու, սակայն հասկցած էր, որ այսպիսի աշխատանք մը մասթըրի սահմաններէն շատ անդին պիտի երթար։ Ես Լիբանանի մէջ երբ Կարօ Առաքելեանի հետ ծանօթացայ, յիշեցի նշեալ ծրագիրը եւ առաջարկեցի զայն մշակել, սակայն առցանց։ Այսպէսով ամբողջ Սփիւռքին մատչելի կ՚ըլլար, ընթերցողը կրնար թէ՛ բնաբանական ցանկերով մուտք գործել եւ թէ ալ բառ մը որոնել։ Նաեւ առցանց տարբերակը մեզի՝ հեղինակներուս կարելիութիւնը կու տայ բառարանը անընդհատ ծաւալելու, ընդարձակելու եւ թարմացնելու։ Այս կարելիութիւնը յատկապէս կարեւոր է, նկատի ունենալով, որ երեք հոգիով (այն ալ ոչ ամբողջական դրոյթով) այսպիսի ծրագիրի ձեռնարկելը շատ համարձակ քայլ մըն է։ Մենք սկսանք 10 հազար բառով եւ այսօր «Բառաստան»ը կը պարունակէ հայերէն՝ 35 հազար եւ շուրջ 25 հազար ալ ֆրանսերէն բառեր։ Փորձած ենք կարելի եղածին չափ պարզ կառոյց մը ընդունիլ, նուազագոյն քերականական նշումներով։ Բառարանը բաղկացած է 32 բնաբանական գլուխներէ, առօրեայ կեանքէն մինչեւ փիլիսոփայութեան առընչուող…։ Աշխատանքի ընթացքին պէտք եղաւ տարբեր տեսակի հարցեր լուծել, ըլլան կանոնարկումի հարցեր (խօսակցական բառերը կամ ընթացիկ օտարաբանութիւնները ընդգրկե՞լ, թէ՞ ոչ՝ որոշեցինք ընդգրկել, յատուկ պիտակաւորումով) կամ պարզապէս առաջարկներ ընել, երբ բառի մը արեւմտահայերէն տարբերակը այնքան ալ յստակ չէր։ Ատոր համար տարբեր աղբիւրներէ օգտուեցանք, ըլլան բառարաններ կամ ալ որոշ խորհրդատու անձեր, եւ այս ամբողջ աշխատանքը չորս տարի տեւեց։ Հիմա արդէն «Բառաստան» բառարանը հրապարակած ենք, քանի որ ուղղագրական սխալներ կամ վրիպակներ կրնան մնացած ըլլալ, բայց մենք կը շարունակենք ծրագիրը սրբագրել եւ թարմացնել, այնպէս որ աստիճանաբար անոնք պիտի անհետանան։ Որոշ մասնագէտներու (գրող, լրագրող, լեզուաբան…) յանձնարարած ենք այս բառարանը գործածել յատուկ կարգավիճակով՝ որպէս աշխատակից, ինչ որ թոյլ կու տայ բառերու մասին նկատողութիւնները ուղղակի փոխանցել մեզի, ըլլայ՝ թարգմանութեան այլընտրանքային առաջարկ մը կամ սխալի մը նշումը։ Աշխատակիցներուն համար մշակած ենք յատուկ կոճակ մը, որ թոյլ կու տայ անմիջականօրէն մեզի գրել, եւ մենք այս նկատողութիւնները պարբերաբար պիտի օգտագործենք «Բառաստան»ը թարմացնելու եւ բարելաւելու համար։ Այս ձեւով այս բառարանին շուրջ կը կազմուի հմուտներու խորհուրդ մը, որ գործնականօրէն պիտի աշխատի եւ որուն առաջարկները անմիջականօրէն արձագանգ պիտի ունենան բառարանին մէջ։

-Սա պահուս կարելի՞ է «Բառաստան»ը օգտագործել։

-«Բառաստան»ը արդէն տրամադրելի է եւ անվճար։ Առանձին բառ կը փնտռելու համար կարելի է առանց արձանագրութեան մուտք գործել, իսկ բոլոր կարելիութիւններէ օգտուելու համար պարզ արձանագրութիւն մը պէտք է կատարել, որ կը հաստատուի ելեկտրոնային նամակով։

-Ո՞վ հովանաւորած է այս աշխատանքը։

-«Կիւլպէնկեան» հիմնարկը գլխաւոր հովանաւորն է, բայց «Ինալքօ»ն եւ Institut de recherche pour le developpement-ը եւս օժանդակած են այս գործին։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 25, 2018