ԵՄ-ԷՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄ

Եւրոպական միութիւնը 3 միլիոն եւրօ յատկացում կատարեց Հայաստանին՝ Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ այնտեղ ապաստան գտած սուրիահայերու առկայ խնդիրներու լուծման աջակցութիւն բերելու առաջադրութեամբ։ Երեւանի մէջ վերջերս սկսաւ «Սուրիահայերու եւ տեղացիներու դիմակայութեան բարձրացում» կոչուած ծրագիրը, որու նպատակն է ներդրում ունենալ համարկման ազգային քաղաքականութեան մէջ։ Այս ծրագիրը ուղղուած է Հայաստանէ ներս սփիւռքահայերու արժանապատիւ կեանքի ապահովման։

Ծրագրի յատուկ նպատակն է բարելաւել սուրիահայերու եւ տեղաբնակներու ընկերային եւ տնտեսական դիմակայութիւնը, ինչպէս նաեւ հզօրացնել Հայաստանի տնտեսական աճի կառուցուածքային կարողութիւնները։ Ծրագրի մեկնարկին առթիւ կազմակերպուած արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան։ Իր ելոյթին մէջ նախարարը վստահութիւն յայտնեց, թէ Սուրիոյ ներքին պատերազմի հետեւանքով Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերու եւ ընդհանրապէս սուրիացի փախստականներու հիմնախնդիրները իրենց տեսակէտէ կը համարուին առաջնահերթութիւն։ Այս ծրագիրը ներկայ բոլոր կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու գործունէութեան տեսակէտէ ունի շատ կարեւոր նշանակութիւն։

Միւս կողմէ, Մխիթար Հայրապետեան մասնակցեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համատեղ արտագնայ խորհրդակցութեան։ Հայաստանի Ջերմուկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ այդ խորհրդակցութիւնը։ Սոյն աշխատաժողովի նպատակն էր ծանօթացնել մասնակիցներուն փախստականներու համար միջազգային պաշտպանութիւն ապահովելու եւ Հայաստանի կառավարութեան աջակցութիւն ցուցաբերելու համար երկարատեւ լուծումներ գտնելու ճանապարհին։

Ջերմուկի հաւաքի մասնակիցները ներկայացուցին համարկման ռազմավարութիւններու մշակման եւ անոնց տարրերու վերաբերեալ իրենց տեսլականը։ Այս ամբողջին մէջ ներկայացուեցաւ նաեւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան ընդհանուր մօտեցումը, թէ ինչպէս պէտք է հասցէագրել տեղահանեալ բնակչութեան համարկումը նախարարութիւններու լիազօրութեան աւելի լայն շրջանի մը մէջ։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Յունական Կիպրոս։ Ան հանդիպում մը ունեցաւ Յունական Կիպրոսի նախագահի արտերկրեայ եւ մարդասիրական հարցերով յանձնակատար Ֆոթիու Ֆոթիիսի հետ։

Կղզիի շփումները աւարտելէ վերջ Մխիթար Հայրապետեան պիտի ուղեւորուի դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր նախատեսուած են իր շփումները Լոս Անճելըսի մէջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 25, 2018