ՎԻԳ ՏԱՐՉԻՆԵԱՆ. «Կ՚ՈՒԶԵՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿՌՓԱՄԱՐՏԻ ԴՊՐՈՑԸ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ՝ ՆՈՐ ՏԱՂԱՆԴՆԵՐ ՄԱՐԶԵԼՈՎ»

Աշխարհահռչակ հայազգի կռփամարտիկ Վախթանք (Վիգ) Տարչինեան կը փափաքի Հայաստանի մէջ ապագային հզօրացնել կռփամարը։ Ինն անգամ աշխարհի կռփամարտի արհեստավարժ ախոյեանը Երեւանի մէջ Համօ Մոսկոֆեանի հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, զոր կը հրատարանք ստորեւ։

-Որպէս ինն անգամ արհեստավարժ կռփամարտի աշխարհի ախոյեան յորջորջուած «կատաղի ցուլ», «պողպատեայ բռունցք» եւ այլ անուանումներով՝ ո՞ւր կը կայանայ ձեր հզօր հարուածային ուժը:

-Շնորհիւ մարզիչիս, Վազգէն Պատալեանին, որ իմ առջեւ նպատակ դրած էր, ութ տարեկանէս դառնալ աշխարհի ախոյեան: Պէտք է ըսել, որ հասայ նպատակիս եւ աշխարհի ախոյեանի գօտին կրեցի ինն անգամ։ Ա քաշային կարգերու մէջ, flyweight-super flyweight եւ Bouton weight պատմութեան հնգեակին մէջ տեղ գտայ այդ նուաճուն գօտիներու քանակով (WBA, WBC, IBF, IBO):

-Այժմ ո՞ւր կ՚ապրիք, որովհետեւ ձեզ  յաճախ Մայր Հայաստանի մէջ կը տեսնենք:

-Այո՛, ես այստեղ, Վանաձորի մէջ տուն ալ ունիմ, նաեւ Աւըս-տրալիոյ մէջ ալ, ուր կ՚ապրի ընտանիքս: Գրեթէ երկու-երեք ամիսը անգամ մը կու գամ Հայաստան:

-Որպէս աշխարհահռչակ մարզիկ, արդեօք կը փափաքի՞ք կռփամարտի դպրոց մը ունենալ Հայաստանի մէջ, թէ այլուր, ձեր հսկայական փորձն ու վարպետութիւնը փոխանցելու համար նոր սերունդին:

-Այո՛, բայց հիմա դեռ կը ծրագրեմ մենամարտիլ: Հանգստեան կոչուելէս ետք կ՚ուզեմ կեդրոնանալ Հայաստանի մէջ կռփամարտի դպրոցը զարգացնել՝ նոր տաղանդներ մարզելով, քանի որ արհեստավարժ կռփամարտի կեդրոնը Ամերիկա է, ապա եւ մեր նոր «աստղերը» հրաւիրել այնտեղ, իրենց ուժերը չափելու մեր երկրագունդի լաւագոյններուն հետ:

2000 թուականին, Ողիմպիականէն յետոյ, արտագաղթեցի Աւստրալիա, ապա արհեստավարժ կռփամարտի մրցումներու շարքով, գլխաւորաբար Մեքսիկայի հռչակաւոր կռփամարտիկներուն դէմ շարունակելով յաղթարշաւը՝ ինն անգամ խլեցի աշխարհի լաւագոյնի տիտղոսը:

-Իսկ պիտի ունենա՞ք հրաժեշտի պատմական մրցում:

-Այո՛, Մոսկուայի մէջ, ռուս կռփամարտիկի մը հետ՝ որ այժմ արհեստավարժութեան աշխարհի գօտիներ կը կրէ...: Կը սպասեմ պատասխանին...:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 25, 2018