ԲՈՎԱՆԴԱԿԱԼԻՑ ՈՒ ԾԱՒԱԼՈՒՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան դէպի Թիֆլիզ պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ ընդունուեցաւ Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախթածէի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկկողմանի օրակարգի շարք մը հարցերուն։ Կողմերը համոզուած են, թէ ապագայ աշխոյժ համագործակցութիւնը կը նպաստէ երկու հարեւան ու բարեկամ պետութիւններու միջեւ շարք մը ուղղութիւններով յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ ընդլայնման։ Մնացականեան եւ Պախթածէ գոհունակութեամբ ընդգծեցին առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը։ Անոնք նշեցին, որ այդ կապերու փոխադարձ շահաւէտ ձեւով աշխոյժ զարգացման համար անհրաժեշտ է համատեղ ջանքեր գործադրել՝ մեծ ներուժի օգտագործման ուղղութեամբ։ Սա կը ներառնէ նաեւ տարածքաշրջանային նոր ծրագրերու խթանումը։

Մնացականեան եւ Պախթածէ դրական գնահատեցին միջազգային կառոյցներէ ներս եւ բազմակողմանի այլ հարթակներու վրայ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ հաստատուած արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը։ Կողմերը Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան 10-ամեայ յոբելեանի համատեսքին մէջ կարծիքներ փոխանակեցին այդ նախաձեռնութեան ապագայ տեսլականի եւ այդ ձեւաչափի մէջ համագործակցութեան ընդլայնման ուղղեալ քայլերու շուրջ։

Վրաստանի վարչապետն ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանային օրակարգի շարք մը հարցերուն շուրջ։ Անոնք շեշտեցին տարածքաշրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան անհրաժեշտութիւնը եւ այս ուղղութեամբ Երեւան-Թիֆլիզ ապագայ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ Զրուցակիցները բարձր գնահատեցին նաեւ վիրահայ համայնքի կա-մըրջող դերակատարութիւնը երկու բարեկամ ժողովուրդներու առաւել մերձեցման եւ յարաբերութիւններու ամրապնդման հարցին մէջ։ Նախարարը Վրաստանի իշխանութիւններուն յայտնեց իր երախտագիտութիւնը՝ հայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուած հոգատար վերաբերմունքին համար։ Զօհրապ Մնացականեան Թիֆլիզի մէջ հիմնական բանակցութիւնները վարեց Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի հետ։ Երկու նախարարները անդրադարձան Հայաստան-Վրաստան համագործակցութեան վերաբերեալ զանազան հարցերու։ Նախարարները անդրադարձան նաեւ տարածքաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի շարք մը հարցերու։ Մնացականեան այս ամբողջին մէջ իր պաշտօնակցին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի պարագային Հայաստանի մօտեցումներն ու սկզբունքային դիրքորոշումը։ Անոնք ընդգծեցին, որ տարածքաշրջանային հակամարտութիւններու բացառապէս խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի։

Բանակցութիւնները ամփոփելու նպատակով երկու նախարարները Թիֆլիզի մէջ սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Մնացականեան յայտարարութիւններուն մէջ յիշեցուց, որ քանի մը շաբաթ առաջ տեղի ունեցած Հայաստան-Վրաստան միջկառավարական յանձնաժողովի նիստն ալ եղած էր բաւական ծաւալուն եւ բովանդակալից։ Երէկուան քննարկումներուն ալ լոյսին տակ ան ըսաւ. «Այս բոլորը կ՚արտայայտէ մեր մտադրութիւններու լրջութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը՝ որպէս երկու հարեւան պետութիւն, երկու ժողովուրդ, որոնք բազմադարեայ պատմական արժէքային հիմքերու վրայ կառուցուած յարաբերութիւններ ունին, յառաջ տանելու այս յարաբերութիւնները՝ ի շահ մեր ժողովուրդներու, մեր երկիրներու, բայց նաեւ ամենակարեւորը՝ մեր տարածքաշրջանային համագործակցութեան եւ ամրապնդման համար, ինչ որ մեզի համար շատ կարեւոր խնդիր մըն է»։ Մնացականեան Թիֆլիզի մէջ ընդգծեց, որ բանակցութիւններուն ընթացքին փոխանակուած են կողմերու մօտեցումները եւ տեսակէտները տարածքաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերու շուրջ։ «Դժբախտաբար, մենք տակաւին տարածքաշրջանէ ներս ունինք չկարգաւորուած հակամարտութիւններ։ Մենք վերահաստատեցինք մեր յանձնառութիւնը, որպէսզի հակամարտութիւններու լուծումը ըլլայ բացառապէս խաղաղ ճանապարհով։ Մենք վերահաստատեցինք նաեւ մեր ըմբռնումը, թէ իւրաքանչիւր հակամարտութիւն ունի իր իւրայատկութիւնները եւ իր բանակցային շրջանակը, որու մէջ պէտք է տեղի ունենայ խաղաղ կարգաւորումը։ Վերահաստատեցինք մեր մտադրութիւնը՝ ձեւաւորուած շրջանակներէ ներս եւ ձեւաւորուած բանակցային հարթակներու վրայ աջակցելու համար խաղաղ կարգաւորման գործընթացներուն», աւելցուց Զօհրապ Մնացականեան։ Թիֆլիզի մէջ նախարարը ընդգծեց նաեւ, որ հարցերու շատ լայն շրջանակ մը կը միաւորէ Հայաստանն ու Վրաստանը։

Միւս կողմէ, Զօհրապ Մնացականեան Թիֆլիզի մէջ երէկ այցելեց նաեւ Սուրբ Էջմիածին եկեղեցին, ուր մէկտեղուեցաւ վիրահայ համայնքէն ներկայացուցիչներու հետ։ 

Հինգշաբթի, Յուլիս 25, 2019