ԱՌԱՋԻՆ ԱՂՕԹՔԸ

Թուրքիոյ մէջ երէկ պատմական իրադարձութիւններ ապրուեցան՝ Այա Սոֆիայի 86 տարի վերջ պաշտամունքի վերաբացումով։ Մզկիթի կարգավիճակի վերահաստատումէն վերջ Այա Սոֆիայի մէջ առաջին ուրբաթի աղօթքը տեղի ունեցաւ՝ հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ։ Սրբավայրէն ներս եւ դուրս ուրբաթի աղօթքի մասնակիցներուն թիւը հասաւ 350 հազարի սահմանին։ Թուրքիոյ զանազան քաղաքներէն եւ արտասահմանէն փութացած հաւատացեալներ մասնակցեցան այս առաջին աղօթքին։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ մասնակցեցաւ Այա Սոֆիայի պաշտամունքի վերաբացման եւ առաջին աղօթքին ժամանակ Քուրանէն զանազան բաժիններ ընթերցեց։

Բաց աստի, Այա Սոֆիայի ուրբաթի աղօթքէն վերջ Էրտողան այցելեց Իսթանպուլը նուաճած Ֆաթիհ Սուլթան Մեհմէտի շիրիմը՝ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելիի ընկերակցութեամբ։

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2020