ՄՈՍԿՈՒԱ ԶԳԱՅՈՒՆ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի իրավիճակը շատ զգայուն է իր երկրին համար։ «Արմէնփրսէ»ի հաղորդումներով, երէկ, Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը ժողով մը գումարեց՝ գլխաւորութեամբ նախագահ Փութինի։ Նիստի ընթացքին ռուս ղեկավարը ըսաւ. «Մեզի համար շատ զգայուն է հայ-ատրպէյճանական սահմանի իրավիճակը»։

Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով այս կապակցութեամբ նշեց, որ ժողովի ընթացքին քննարկուած են Ռուսաստանի յարաբերութիւնները ԱՊՀ-ական երկիրներու հետ՝ ներառեալ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը՝ յատկապէս երկու երկիրներու սահմանին վրայ իրավիճակի լարման լոյսին ներքեւ։

Իր կարգին, Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի փոխ-նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւն ալ յայտնեց, որ Երեւանն ու Պաքուն ձեռնպահ պէտք է մնան չմտածուած գործողութիւններէ։

Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները հանդէս եկան Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին ուղղեալ համատեղ կոչով մը։ Եռանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ համատեղ յայտարարութեան մէջ կոչ ուղղեցին, որպէսզի Հայաստան եւ Ատրպէյճան օգտուին ռազմական աշխուժութեան թուլացումէն եւ նախապատրաստուին լուրջ, առարկայական բանակցութիւններու։

Միջնորդները ողջունեցին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի երկայնքով յուլիսի 16-էն ի վեր հաստատուած յարաբերական կայունութիւնը։ Ըստ իրենց, առարկայական լուրջ բանակցութիւններ պէտք է վարուին՝ հակամարտութեան համապարփակ լուծում մը գտնելու նպատակով։

Համանախագահները անգամ մը եւս շեշտեցին, որ ներկայ բարդ շրջանին սադրիչ յայտարարութիւններէ եւ գործողութիւններէ, ինչպէս նաեւ սպառնալիքներէ կամ քաղաքացիական հասարակութեան ուղղեալ ենթադրեալ սպառնալիքներէ խուսափումը չափազանց կարեւոր է։

Համանախագահները կը նշեն, որ վերջին հրապարակային յայտարարութիւնները, որոնցմով քննադատութեան կ՚ենթարկուին համանախագահ երկիրներու համատեղ ջանքերը կամ փորձ կը կատարուի միակողմանի կերպով նոր պայմաններ սահմանել ու փոխել կարգաւորման գործընթացի ձեւաչափը, չեն նպաստեր շինիչ երկխօսութեան վերականգնման։ Եռանախագահները կը հաստատեն, թէ ամուր, խաղաղ կարգաւորման հասնելու քաղաքական կամքը լաւագոյնս կը դրսեւորուի առաւելապաշտական դիրքորոշումէ զերծ մնալով, հրադադարը խստօրէն պահպանելով եւ սադրիչ յայտարարութիւններէ եւ գործողութիւններէ խուսափելով։ Բաց աստի, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած լարուածութեան զուգահեռ աշխարհի զանազան քաղաքներու մէջ դէպքեր կը պատահին հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ։ Մինչ Մոսկուայի եւ Լոս Անճելըսի մէջ նման մտահոգիչ երեւոյթներ ստեղծուած են, Գերմանիոյ մէջ ալ հրկիզուած է Հայաստանի Պերլինի դեսպանատան ծառայողական ինքնաշարժներէն մին։ Այս մթնոլորտին մէջ Մոսկուայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վարդան Տողանեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ալեքսանտր Կրուշքոյի հետ։ Դեսպանը հայութեան կոչ ուղղեց ըլլալ համախմբուած եւ մնալ օրէնսդրութեան շրջանակներու մէջ։ Մոսկուայի հայկական դեսպանատունը, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի թեմը եւ Ռուսաստանի հայոց միութիւնը համատեղ կոչով մը հանդէս եկան, որպէսզի ռուսահայեր ձեռնպահ մնան որեւէ ցոյցի մասնակցելէ։ Այս մթնոլորտին մէջ հայկական դեսպանատունը Ռուսաստանի իրաւապահ մարմիններուն ներկայացուց ատրպէյճանցիներու կողմէ հայերու վրայ գործուած յարձակումներու ապացոյցներ եւ այդ գործողութիւններու յանցաւոր բնոյթը։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ արտասահմանի մէջ հայոց դէմ կատարուած բռնութիւններու հրահրումին վերաբերեալ։ Այս բոլոր երեւոյթներուն մէջ Ատրպէյճանի պաշտօնական մարմիններու ներգրաւման փաստերը կը վկայեն, թէ անոնք կ՚ուղղորդուին Ատրպէյճանի պետական կառոյցներուն կողմէ։ «Մենք խստօրէն կը դատապարտենք զանազան երկիրներու մէջ ազգամիջեան բախումներ հրահրելու գործելաոճը, ինչ որ Պաքուի անպատասխանատուութեան հերթական դրսեւորումն է եւ ամբողջովին կը տեղաւորուի Ատրպէյճանի ղեկավարութեան՝ երկու ժողովուրդներու միջեւ առանց աշխարհագրական սահմանափակման թշնամութեան հրահրման հռետորաբանութեան եւ քաղաքականութեան մէջ։ Կոչ կ՚ուղղենք մեր հայրենակիցներուն ցուցաբերել զգօնութիւն, չտարուիլ որեւէ սադրանքէ, նման իրավիճակներու մէջ անմիջապէս կապ հաստատել տեղւոյն իրաւապահ մարմիններուն, հայկական համայնքային կառոյցներուն եւ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն հետ», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2020