ԱՊԱՑՈՅՑՆԵՐՈՒ ՍՊԱՍՈՒՄ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն երէկ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան Պեշթեփէի պալատին մէջ ընդունուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Չանքայայի ապարանքին մէջ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմն ալ տեսակցեցաւ Ճօ Պայտընի հետ, որ սարքեց նաեւ մամլոյ ասուլիս մը։ Ճօ Պայտըն այցելեց Ազգային մեծ ժողով, ուր ականատես եղաւ 15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձի ընթացքին կատարուած ռմբակոծման ծանր հետեւանքներուն։
Ճօ Պայտընի շփումները զուգադիպեցան ճիշդ այն օրուան, երբ Թուրք զինեալ ուժերը մուտք գործեցին Սուրիա։ Այս կապակցութեամբ ան հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւններով։ Պայտըն շեշտեց, թէ Սուրիոյ մէջ քրդական միջանցք մը պիտի չբացուի։ Սա վերջնական է ամերիկեան կողմին տեսանկիւնէն։ Ըստ իրեն, Սուրիա պիտի մնայ միացեալ։ Պայտընի խօսքերով, ամերիկեան կողմը ԵՓԿ-ին բացայայտօրէն ըսած է, թէ պէտք է վերադառնայ Եփրատի արեւելքը։ Սա ըսուած է Մենպիչի եւ այլ գիւղաքաղաքներու ազատագրման ժամանակ։ Եթէ ԵՓԿ այդ խոստումին հաւատարիմ չմնայ, ապա որեւէ պայմանով չի կրնար ունենալ ԱՄՆ-ի նեցուկը։
Ճօ Պայտըն Անգարայի մէջ ներողութիւն խնդրեց, որ իր այցելութիւնը յապաղած է 15 Յուլիսի ձախող պետական հարուածէն վերջ։ Ան բացարձակապէս հերքեց այն պնդումները, ըստ որոնց ամերիկեան կողմը նախապէս տեղեակ էր այդ քայլէն։ «Թուրքիա չունի ԱՄՆ-էն աւելի լաւ բարեկամ մը», ըսաւ Պայտըն, որ անդրադարձաւ նաեւ զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձը իրականացուցած ահաբեկչական զուգահեռ կառոյցի՝ ՖԵԹԷՕ-ի պարագլուխ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի արտայանձնման խնդրին։ «Երանի Կիւլէն ոչ թէ ԱՄՆ-ի, այլ ուրիշ երկրի մը մէջ ըլլար։ Այո՛, մենք պէտք է զինքը յանձնենք։ Կարելի՞ բան է, որ պահպանենք յանցագործ մը, որ պէտք է արտայանձնուի։ Ի՞նչ շահ կրնանք ունենալ նման քայլէ մը։ Սակայն մեր արդարադատական համակարգը տարբեր է Թուրքիոյ բաղդատմամբ։ Սա կախում ունի այն ապացոյցներէն, զորս դուք պիտի ճշդէք», ըսաւ Պայտըն Անգարայի մէջ։
Պեշթեփէի մէջ 2.5 ժամ տեւած զրոյցի ընթացքին Էրտողան պահանջեց, որ Ֆեթհուլլահ Կիւլէն ձերբակալուի, որովհետեւ տակաւին կը շարունակէ ղեկավարել իր կազմակերպութիւնը։ Իր կարգին, Պինալի Եըլտըրըմն ալ շեշտեց, թէ եթէ Կիւլէն արտայանձնուի՝ ապա թուրք ազգի յուսախաբութիւնը կը վերջանայ։