ԼԻԶՊՈՆԻ ՄԷՋ ՃԱՄԲԱՐ
Սեփական լրատուութիւն.-
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժինը այս ամառ կը տեւականացնէ արեւմտահայերէնի վերաբերեալ իր նախաձեռնութիւնները։ Աշխարհի զանազան երկիրներէն հայ երիտասարդներ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի կազմակերպմամբ շուրջ շաբաթէ մը ի վեր համախմբուած են Լիզպոնի մէջ։ Այսպէս, կազմակերպուած է ճամբար մը, որու շրջագծով յառաջ կը տարուի հետաքրքրական աշխատանք՝ հայկական Wikipedia մը ձեւաւորելու ուղղութեամբ։
Ճամբարի մասնակից երիտասարդները կը հետեւին շուրջօրեայ ժամանակացոյցի մը։ Օրուան ընթացքին անոնք միասնաբար կը ճաշեն եւ ննջարաններու մէջ ալ խառն ձեւով տեղաւորուած են, ինչ որ զիրար ճանչնալու առումով լաւ հնարաւորութիւն մը կը հանդիսանայ անոնց տեսանկիւնէն։ Օրը երկու անգամ աշխատանքային պահեր կ՚ունենան երիտասարդները՝ աշխատելու համար համացանցային այս բառարան-համայնագիտարանի արեւմտահայերէն տարբերակին վրայ։ Երիտասարդները ազատ ժամանակներուն կը զբաղին մարմնամարզով, երաժշտութեամբ ու պարով։ Իրենց կեցութեան շրջագծով անոնք առիթն ունեցած են նաեւ ճանչնալու «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Լիզպոնի կեդրոնական համալիրը։
Երիտասարդներու ամառնային այս աշխատանքը կը վերահսկեն «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժնի տնօրէն Տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան, նոյն բաժնի կրթական ծրագրերու պատասխանատու Անի Կարմիրեան, ինչպէս նաեւ «Ուիքիմետիա» կազմակերպութենէն Ազնիւ Ստեփանեան, որ կը համակարգէ այս ծրագիրը։ Երեքն ալ անմիջական շփում մը հաստատած են երիտասարդներուն հետ, որոնք մեծ եռանդով յառաջ կը տանին ակնկալուած գործը՝ արդարացնելով իրենց վրայ դրուած յոյսերը։ Ներկայիս Լիզպոնի մէջ կազմակերպուած ճամբարին կը մասնակցին նաեւ պոլսահայ երիտասարդներ, որոնք եւս աշխուժութեամբ ներգրաւուած են այս նախագծին։
Հարկ է նշել, որ վերջին տարիներուն «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժինը բազմակողմանի աշխատանք կը տանի՝ համացանցի վրայ արեւմտահայերէնի հասանելիութիւնը բարձրացնելու եւ այսպէսով նոր սերունդի լեզուի իմացութիւնը խրախուսելու առաջադրութեամբ։