ՎԵՑ ՆՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ
Տիարպաքըրի եւ Պինկէօլի մէջ երէկ նահատակուեցան վեց զինուորներ։ Տիարպաքըրի Լիճէ գաւառակէն ներս, Ապալը-Թափանթեփէ շրջաններու միջեւ պաշտօնավարող ոստիկան զօրաց վրայ երէկ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան ահաբեկիչները յարձակում մը գործեցին հրթիռներով եւ հեռահար հրացաններով։ Զինուորներուն եւ ահաբեկիչներուն միջեւ ծագեցաւ բախում մը։ Կը հաղորդուի, որ այս դէպքին հետեւեանքով հինգ զինուոր նահատակուեցաւ։ Եօթ զինուոր ալ վիրաւորուեցաւ։ Լիճէի գաւառապետութիւնը այս բախումներէն վերջ յարակից տասնչորս գիւղերու մէջ փողոց դուրս գալու արգելք սահմանեց։
Պինկէօլի Քարլըօվա գաւառակի Ճեհեննէմ անտառին մէջ ալ անվտանգութեան ուժերը երէկ գործողութիւններ կ՚իրականացնէին ՓՔՔ-ի դէմ։ Այդ ընթացքին ահաբեկիչներուն կողմէ զետեղուած ական մը պայթեցաւ եւ այս դէպքին ալ զոհ գնաց զինուոր մը։
Միւս կողմէ, Քեմէրի մէջ ալ, Անթալիա, ոստիկան զօրաց ինքնաշարժ մը երէկ ենթարկուեցաւ յարձակման։ Պայթումին հետեւանքով ճանապարհին վրայ բացուեցաւ կէս մեթր տրամաչափով փոս մը։