ԲԱՑԱՅԱՅՏ ՊԱՏԳԱՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերը կանգնած են գոյաբանական սպառնալիքի առջեւ։ Փաշինեան վերջերս հարցազրոյց մը տուաւ BBC-ին։ Անգլիական հեղինակաւոր BBC լրասփիւռի HARDTalk հաղորդումին տուած հարցազրոյցին ժամանակ ան անդրադարձած է շարք մը կարեւոր հարցերու, որոնց կարգին՝ Ռուսաստանի, Եւրոմիութեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն։ 

«Ռուսաստան Հայաստանի ռազմավարական գործընկերն է ապահովութեան առումով։ Մենք Եւրոասիական տնտեսական միութեան անդամ ենք. միութիւն, որ ունի բացառապէս տնտեսական ուղղութիւն։ Եւ մենք ստորագրած ենք Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիր Եւրոպական Միութեան հետ։ Ի դէպ, Եւրոպական Միութիւնը մեր հիմնական գործընկերն է բարեփոխումներու օրակարգի իրագործման ճամբուն վրայ։ Մենք բաւական արդիւնաւէտ կերպով կը համագործակցինք ՆԱԹՕ-ի հետ եւ կը մասնակցինք անոր խաղաղարար առաքելութիւններուն՝ Աֆղանիստանի, Լիբանանի, Քոսովայի եւ Մալիի մէջ։ Բացի ատկէ, մենք արդիւնաւէտ կերպով կը համագործակցինք ԱՄՆ-ի հետ ռազմական ոլորտի մէջ», նշած է Փաշինեան։

«Մենք ԱՄՆ-Իրան յարաբերութիւններուն հետ կապուած խնդիրներ չունինք։ Եւ ամէն ինչ կ՚ընենք այդ երկու պետութիւններուն հետ ներկայի մեր լաւ յարաբերութիւնները պահպանելու համար», աւելցուցած է ան՝ ընդգծելով, որ միեւնոյն ժամանակ Հայաստան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններուն:

Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ խօսելով՝ Փաշինեան անդրադարձած է ուժի բացառման անհրաժեշտութեան։ «Հայաստանի միակողմանի ջանքերով խաղաղութեան չենք կրնար հասնիլ։ Իրական խաղաղութեան կարելի է հասնիլ՝ եթէ Ատրպէյճան նոյն ձեւով պատասխանէ Հայաստանի քայլերուն։ Դառնալով Հայաստանի վարչապետ՝ ես առաջարկեցի խաղաղութեան նոր բանաձեւ, ըստ որու ղարաբաղեան հակամարտութեան որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն համար։ Ես Հայաստանի առաջին ղեկավարն եմ, որ կը յայտարարէ, թէ ղարաբաղեան հակամարտութեան որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ նաեւ Ատրպէյճանի ժողովուրդին համար։ Բայց, ցաւօք սրտի, Ատրպէյճանի նախագահը չարձագանգեց իմ առաջարկին», ըսած է Փաշինեան։ Մեկնաբանելով Արցախի մէջ կատարած իր՝ «Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ» յայտարարութիւնը՝ ան նշած է, որ հազարամեակներ շարունակ Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ ազգաբնակչութիւնը եղած է հայկական։ «Արցախ անուանումը ունի հազարամեակներու պատմութիւն։ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի փաստաթուղթին մէջ չի նշուիր Հայաստանի Հանրապետութիւն կամ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժեր։ Այնտեղ նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի հայոց ինքնապաշտպանական ուժեր։ Նախքան հակամարտութեան սկիզբը՝ Լեռնային Ղարաբաղի ազգաբնակչութեան 80-90 տոկոսը հայ էր։ Եւ փորձելով երկրամասը մաքրել հայերէ՝ Ատրպէյճան սկիզբ տուաւ հակամարտութեան։ Մենք Լեռնային Ղարաբաղի հետ կը գտնուինք մէկ ընդհանուր անվտանգութեան տարածքի մէջ», շարունակած է Փաշինեան:

Հաղորդավարի այն դիտարկումին, թէ Հայաստանի կեցուածքը ազգայնական է՝ Փաշինեան պատասխանած է, որ համաձայն չէ այդ կարծիքին հետ, քանի որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերը կանգնած են գոյաբանական սպառնալիքի առջեւ։ «Ատրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի մեկուսացման եւ շրջափակման քաղաքականութիւն կը վարէ, ի դէպ, նաեւ Հայաստանի դէմ։ Մենք Ատրպէյճանին կ՚առաջարկենք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցին մէջ հրաժարիլ ուժի գործադրման որեւէ հաւանականութենէ։ Մենք պէտք է համաձայնինք շատ պարզ բանաձեւի մը շուրջ. ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի։ Պատերազմը ողբերգութիւններու շղթայ կը յարուցէ։ Այդ իսկ պատճառով մենք կ՚ըսենք՝ եկէ՛ք մերժենք եւ հրաժարինք հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ ուժի կիրարկման հեռանկարէն։ Խաղաղութիւնը կ՚ենթադրէ փոխզիջում։ Եւ Հայաստանը միշտ պատրաստ էր եւ պատրաստ է փոխզիջման», յայտնած է վարչապետը: Փաշինեան սոյն հարցի շրջանակին մէջ յիշեցուցած է նաեւ Ատրպէյճանի Սումկայիթ եւ Պաքու քաղաքներուն մէջ վայրագութիւններու զոհ դարձած հայերու պարագան՝ նշելով, որ այդ ողբերգութիւնները առանցքային դեր ունին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ:

Սահմանի վերջին բախումներուն մասին ալ Փաշինեան ընդգծած է հետեւեալը. «Ատրպէյճան ռազմական յարձակումի սկսաւ Հայաստանի դէմ եւ ատիկա առանձին գործողութիւն չէր։ Ատրպէյճանի նախագահը շարունակաբար կը դիմէր ռազմատենչ հռետորաբանութեան՝ ըսելով, որ ան կը պատրաստուի Ղարաբաղի հարցը լուծելու ուժի միջոցով։ Ատրպէյճանի նախագահին եւ կառավարութեան ռազմատենչ յայտարարութիւնները ա՛լ աւելի սաստկացան յուլիսի 12-ին նախորդող ամիսներու եւ շաբաթներու ընթացքին։ Ատրպէյճանի կառավարութեան առջեւ ծառացած է կարեւորագոյն մարտահրաւէր մը. բացատրել սեփական հանրութեան, թէ ինչո՛ւ իրենք չյաջողեցան ղարաբաղեան հակամարտութիւնը լուծել ուժի միջոցով, մինչ միլիառաւոր տոլարներ ծախսուած են ռազմական նպատակներով՝ ի հաշիւ Ատրպէյճանի ժողովուրդի բարեկեցութեան։ Ատրպէյճանի յարձակումը ձախողեցաւ եւ այդպէսով յօդս ցնդեցաւ Հայաստանի նկատմամբ իրենց ռազմական գերակայութեան առասպելը»:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2020