«ԱՆԳԱՐԱ-ՄՈՍԿՈՒԱ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԽՈՐԱՆԱՅ, ՍԱԿԱՅՆ ԱՌԱՒԵԼ ՉԱՓՈՎ ՈՒՆԻ Ո՛Չ ԹԷ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ, ԱՅԼ՝ ՄԱՐՏԱՎԱՐԱԿԱՆ ԲՆՈՅԹ»

Յայտնի թրքագէտ ակադեմիկոս Ռուբէն Սաֆրաստեան «Ազատութիւն» ռատիօկայանին հետաքրքրական հարցազրոյց մը տուած է Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն շուրջ։ Ակադեմիկոս Սաֆրաստեան յաճախ խորհրդածութիւններով հանդէս կու գայ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն առընչութեամբ։ Այս վերջին հարցազրոյցին ժամանակ ալ ան արտայայտած է նոյնպէս հետաքրքրական մօտեցումներ։

Ըստ Ռուբէն Սաֆրաստեանի, Թուրքիա կը փափաքի Հայաստանին համագործակցութիւն առաջարկել՝ Հայաստան-Ռուսաստան դաշինքին փոխարէն։ Ան համոզուած է, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի առկայ լարուածութեան նպատակներէն մին է՝ Երեւանին ցոյց տալ, թէ Ռուսաստանի հետ դաշինքը անարդիւնաւէտ է։ Անգարայի այժմու ծրագիրն է Հարաւային Կովկասէն դուրս մղել Մոսկուան։ Ուստի, թրքական կողմը անվտանգութեան ոլորտէ ներս համագործակցութեան ձեւաչափ կ՚առաջարկէ տարածքաշրջանի երկիրներուն։

«Ես կը կարծեմ՝ Անգարայի մէջ երկու մոտել գոյութիւն ունի Երեւանի վերաբերեալ։ Առաջինն է՝ Հայաստանը հնարաւորինս տկարացնել եւ այն կէտին հասնիլ, որ ան դադրի գոյութիւն ունենալէ՝ որպէս ինքնուրոյն, ինքնիշխան պետութիւն։ Երկրորդը՝ աւելի մեղմ տարբերակն է, ինչ որ հիմա տեղի կ՚ունենայ։ Այսինքն, Հայաստանի վրայ ճնշումը ուժեղացնելով ապահովել, որ հրաժարի Ռուսաստանի հետ ռազմաքաղաքական դաշինքէն ու մտնէ Թուրքիոյ ազդեցութեան ոլորտին մէջ։ Սա, ինձ կը թուի, այն երկրորդ տարբերակն է, որու վրայ կ՚աշխատին Թուրքիոյ հետ։ Սա, ի հարկէ, տարիներու խնդիր կ՚ըլլայ, իրենց ընկալումով, բայց ես կը կարծեմ, թէ այս իսկ բանին վրայ կեդրոնացած են անոնք», ըսած է Սաֆրաստեան եւ աւելցուցած, որ տարածքաշրջանէ ներս Թուրքիոյ ընդհանուր աշխարհառազմավարութեան հիմնական նպատակն է՝ Հարաւային Կովկասը դարձնել իր ազդեցութեան ոլորտը՝ դուրս մղելով Ռուսաստանը։ Թրքագէտի դիտարկումով, այս մեծ ծրագրի իրականացման համար բանալի նշանակութիւն ունի Հայաստանը եւ այս պատճառով անոր վրայ ուժեղ ճնշում կը գործադրուի։

Նոյն հարցազրոյցին ժամանակ ակադեմիկոսը մատնանշած է, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ռազմավարական համագործակցութիւնն ալ կը խորանայ։ Ըստ իրեն, թէ՛ Անգարա եւ թէ Մոսկուա չեն պատկերացներ, որ իրենց այս համագործակցութեան վերջնական նպատակը ի՛նչ է։ Կողմերը ուղղակի կը փորձեն յստակ տուեալ պահուն որոշ օգուտներ ապահովել այդ համագործակցութենէն՝ իւրաքանչիւրը իր ընկալումով։ «Ես կը կարծեմ, թէ այս համագործակցութիւնը ունի ո՛չ թէ ռազմավարական, այլ՝ մարտավարական նշանակութիւն», ըսած է Սաֆրաստեան։ Արդարեւ, եթէ ռազմավարական համագործակցութիւն մը ըլլար, ապա պիտի նշանակէր, որ ռուսական կողմը իր դիրքերը կը զիջէ թէ՛ Հարաւային Կովկասի եւ թէ Ուքրայնոյ մէջ եւ այլն։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2021