ԱՐԱԳ ԱՊԱՔԻՆՄԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու արագ ապաքինում մաղթեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին, որ վիրահատութեան մը ենթարկուած ըլլալով ապաքինման շրջանը կը բոլորէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ քաղաքապետ Իմամօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցած է Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ։ Այս առթիւ Նորին Ամենապատուութիւնն ալ շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքապետին կողմէ ցուցաբերուած նախանձախնդրութեան համար։ Ան յայտնած է, որ ինքնազգացողութիւնը լաւ է, ի մօտոյ պիտի վերադառնայ իր առաքելութեան։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2021