ԼԱՐՈՒԱԾ ԻՐԱՎԻՃԱԿ

Թուրքիա ներկայիս իր ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է Հիւսիսային Իրաքի մէջ այսօր նախատեսուած անկախութեան հանրաքուէին վրայ, ինչ որ լարուած իրավիճակ մը ստեղծած է ամբողջ տարածքաշրջանէն ներս։ Անգարա ահազանգ կը հնչեցնէ Հիւսիսային Իրաքի հանրաքուէին դէմ, մինչ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առաւօտ հանդէս եկաւ շատ կարեւոր յայտարարութիւնով մը, որու շեշտը վճռակամ է զգալիօրէն։

Շաբաթավերջին երկրի օրակարգը առաջնահերթօրէն ծանրաբեռնուած էր այս հանրաքուէին վերաբերեալ իրադարձութիւններով։ Ազգային մեծ ժողովը գումարեց արտահերթ նիստ մը, որու ընթացքին կառավարութեան որոշմնագրին տրուեցաւ հաւանութիւն։ Ըստ այդ որոշմնագրին՝ կառավարութիւնը կ՚օժտուի իրաւասութիւնով անհրաժեշտութեան պարագային սահմանէ դուրս ռազմական գործողութիւններ կազմակերպելու համար։ Թուրք զինեալ ուժերն ալ Իրաքի սահմանին վրայ կը շարունակեն իրենց ռազմափորձերը, որոնց հերթական փուլը արդէն կը կատարուի առաւել քանակութեամբ զօրքերու կուտակումով։ Այս մթնոլորտին մէջ Իրաքի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահն ալ շաբաթավերջին շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ։

Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ շաբաթավերջին հերթական անգամ կրկնեց, որ Հիւսիսային Իրաքէ ներս նախատեսուած հանրաքուէն Թուրքիոյ տեսակէտէ առ ոչինչ է։ Այդ հանրաքուէի հետեւանքներու առաջին աստիճանի պատասխանատուն պիտի համարուի Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավարութիւնը։ Վարչապետ Եըլտըրըմի այս յայտարարութիւններուն առընթեր, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ շարունակեց անմիջական ուշադրութեան կեդրոնին պահել Հիւսիսային Իրաքի իրադարձութիւնները։ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Տարածքաշրջանի երկու յառաջատար երկիրներու ղեկավարները խորհրդակցեցան Հիւսիսային Իրաքի այսօրուան հանրաքուէին շուրջ։ Էրտողան եւ Ռուհանի համակարծիք գտնուեցան, թէ այս հանրաքուէն կրնայ քաոսի մը պատճառ դառնալ ամբողջ տարածքաշրջանէն ներս։

Թրքական կողմը շաբաթավերջին ամենաբարձր մակարդակի վրայ հանդէս եկաւ վերջին զգուշացումներով։ Ի լրումն այդ բոլորին, այս առաւօտ Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու բովանդակութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան կողմէ այսօր կազմակերպուած հանրաքուէն առ ոչինչ կը համարուի իր արդիւնքներուն տեսակէտէ։ Թէ՛ միջազգային իրաւունքի եւ թէ Իրաքի սահմանադրութեան տեսակէտէ իրաւական բոլոր հիմքերէ եւ օրինականութենէ զուրկ նախաձեռնութիւն մըն է այս հանրաքուէն եւ Թուրքիա չի ճանչնար այդ մէկը։ Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարուած է, որ հանրաքուէին յաջորդելիք ժամանակաշրջանին կրնան երեւան գալ շահարկման փորձեր շարք մը ծայրայեղական տարրերու կողմէ կամ ահաբեկիչներ կրնան ձեռնարկել շարժումներու, որոնց թիրախին կրնայ գտնուիլ Թուրքիոյ անվտանգութիւնը։ Բաց աստի, ընդհանրապէս Իրաքէ ներս կրնան սպառնալիքներ ծնիլ Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան դէմ։ Այս բոլոր վարկածներու պարագային Թուրքիա ինքզինքին կը վերապահէ սպառնալիքներու դէմ քայլեր առնելու համար միջազգային իրաւունքէն ծագած բոլոր իրաւունքները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի կողմէ տրուած իրաւասութիւնով պայմանաւորուած նախազգուշական միջոցներ ձեռք առնելու հնարաւորութիւնները։ Այս բոլորը հերթական անգամ ընդգծուած են Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Հանրային կարծիքը հետաքրքրութեամբ կը սպասէ, որ Հիւսիսային Իրաքի այսօրուան հանրաքուէէն վերջ ինչպիսի իրավիճակ մը պիտի ստեղծուի տարածքաշրջանէ ներս։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2017