ՄԵՐՔԵԼ ԴԱՐՁԵԱԼ ՅԱՂԹԱԿԱՆ

Երէկ, Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Ըստ առաջին անպաշտօն արդիւնքներուն՝ վարչապետ Անկելա Մերքելի կողմէ գլխաւորուած Քրիստոնէադեմոկրատական միութեան կուսակութիւնը (CDU) յաղթանակ տարաւ ու նուաճեց առաջին շարքը։ Այսպէսով, Անկելա Մերքել չորրորդ անգամ անընդմէջ յաղթական դուրս եկած եղաւ Գերմանիոյ ընտրութիւններէն։ Իր կուսակցութիւնը այս անգամ ապահովեց ձայներուն 32.9 տոկոսը։

Առաջին անպաշտօն արդիւնքներու հրապարակումէն վերջ, իր կուսակցութեան կեդրոնատեղիէն ներս Անկելա Մերքել հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ յայտարարեց, որ ըստ առաջին արժեւորումներու արդիւնքին՝ իրենք հասած են իրենց ռազմավարական նպատակներուն։ Անկելա Մերքել շնորհակալութիւն յայտնեց այն բոլոր ընտրողներուն, որոնք վստահութիւն ցուցաբերած էին իրենց նկատմամբ։

Մերքել, որ իր կուսակիցներուն կողմէ դիմաւորուեցաւ խանդավառութեամբ՝ նշեց, որ իրենց կը վիճակի կառավարութիւնը կազմելու պաշտօնը, որովհետեւ ապահոված են ամենաամուր դիրքը եւ ի հեճուկս իրենց անկարելի է կառավարութեան մը ձեւաւորուիլը։

Մերքել յայտնեց, որ Գերմանիոյ առկայ խնդիրները պիտի ջանան լուծել ականջ տալով քաղաքացիներու մտահոգութիւններուն եւ պիտի փորձեն քաղաքական գործունէութիւն ծաւալել ամենալաւագոյն ձեւով։ Իր խօսքերով՝ ապագայ իրենց նպատակն է ապահովել անդորրութիւն, երաշխաւորել Եւրոմիութեան միասնականութիւնը, ամրապնդել ներքին անվտանգութիւնը եւ պայքարիլ ապօրինի գաղթի դէմ։

Գերմանիոյ ընտրութիւններու արդիւնքով յուսախաբութիւն ապրեցաւ Սոցիալ դեմոկրատ կուսակցութիւնը, որ անցեալ շրջանին համախոհական իշխանութեան մաս կը կազմէր։ Սոցիալ դեմոկրատները ունեցան քուէի կորուստ եւ որոշած են յառաջիկայ շրջանը անցընել արդէն ընդդիմութեան շարքերուն մէջ։

Գերմանիոյ խորհրդարանական ընտրութեան ամենայատկանշական արդիւնքներէն մին ալ այն է, որ Ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութիւնը յաջողած է Պունտեսթակ մուտք գործել՝ երրորդ կարգի վրայ։ Ըստ անպաշտօն արդիւնքներուն՝ ծայրայեղ աջակողմեանները 13.1 տոկոս ձայն ապահովելով մուտք գործած են խորհրդարան, ուր իրենց խմբակցութիւնը երրորդ մեծ ուժը պիտի ներկայացնէ։ Անկելա Մերքել երէկուան իր յայտարարութիւններուն մէջ յայտնեց, որ իրենց տեսակէտէ նոր պարտաւորութիւններ կը ստեղծէ՝ ծայրայեղ աջակողմեաններուն խորհրդարանէ ներս տեղ զբաղեցուցած ըլլալու երեւոյթը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2017