ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎԻ ՀԵՏ

Շաբաթավերջին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Ստեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ։ Երկար ժամանակէ ի վեր կը սպասուէր այս հանդիպման՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն թափ տալու համար։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան յառաջիկային Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպման մը կազմակերպման վերաբերեալ հարցեր։ Բաց աստի, համաձայնութիւն գոյացաւ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները հակամարտութեան տարածքաշրջան այցելեն յառաջիկայ ամիս։ Նիւ Եորքի մէջ Եդուարդ Նալպանտեան առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։ Այս առթիւ կարծիքներ փոխանակուեցան ղարաբաղեան հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման գործընթացի յառաջ մղման համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման ուղղեալ անհրաժեշտ քայլերու շուրջ։

Եդուարդ Նալպանտեան Նիւ Եորքի մէջ կը գտնուի ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 72-րդ նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն մասնակցութիւն բերելու նպատակով։ Էլմար Մամետեարովի հետ տեսակցութեան առընթեր, Նալպանտեան ունեցաւ այլ շարք մը կարեւոր հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ մասնակցեցաւ կարգ մը հաւաքներու։ Նիւ Եորքի մէջ Եդուարդ Նալպանտեան երկկողմանի հանդիպումներ ունեցաւ՝ Պուլկարիոյ Արտաքին գործոց նախարար Եքաթերինէ Զախարիեւայի, Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէի, Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոստիասի, Իրաքի Արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ էլ Ճաֆերիի, Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեպրան Պասիլի, Մատակասքարի Արտաքին գործոց նախարար Անրի Ռապարի Նլաքայի, Մոլտովայի Արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Կալպուրի, Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Էլիզապէթ Միլարտի, Քոսովայի Արտաքին գործոց նախարար Պեհչէթ Փասոլիի, Էնտոնեզիոյ Արտաքին գործոց նախարա Ռենթօ Մարսուտիի, Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Վելիտ Մուալլիմի, ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկէրի, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի, Խրուաթիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մարիա Փէյչինովիչ-Պույչիի, Արաբական միութեան ընդհանուր քարտուղար Ահմէտ Ապուլ Ղէյտի, Լիպիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մարճան Քամարայի, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի, Ֆրանսայի Եւրոպական հարցերով նախարար Ժան-Պաթիսթ Լըմուանի, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Ճեֆրի Ֆլեթմանի եւ այլ երկիրներէ իր զանազան պաշտօնակիցներուն հետ։

Նիւ Եորքի մէջ Եդուարդ Նալպանտեան մասնակցութիւն բերաւ նաեւ ՄԱԿ-ի քաղաքակրթութիւններու դաշինքի նախարարական հանդիպման եւ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին։ ԱՄՆ-ի Հրէական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ ալ կարեւոր տեսակցութիւն մը ունեցաւ նախարարը։ Նալպանտեանի մասնակցութեամբ Հայաստանի եւ այլ շարք մը երկիրներու հետ հաստատուեցան դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ նոյնպէս իր ստորագրութիւնով Հայաստան մասնակցեցաւ կամ միացաւ շարք մը միջազգային փաստաթուղթերու։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2017