ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ՎԻՃԱԿ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Նիւ Եորքի մէջ ելոյթով մը հանդէս եկաւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն։ Ան ընդհանուր ժողովին խօսք ուղղեց նոր՝ 74-րդ նստաշրջանի բացման առթիւ։ Նախագահ Էրտողան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ներկայացուց Անգարայի դիրքորոշումը՝ միջազգային զանազան հրատապ խնդիրներու շուրջ։ Իր երկարաշունչ ելոյթին մէջ ան ակնարկեց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Էրտողանի խօսքով՝ Հարաւային Կովկասը պէտք է դադրի՝ աշխարհի ամենախնդրայարոյց տարածքաշրջաններէն մին ըլլալէ։ Ըստ իրեն, անընդունելի կացութիւն մըն է, որ հակառակ ցայսօր առնուած բոլոր որոշումներուն Լեռնային Ղարաբաղն ու շրջակայքը տակաւին բռնագրաւման տակ կը պահուին։ Նախագահը համոզուած է, որ միջազգային հաւաքականութիւնը բաւարար հետաքրքրութեան առարկայ չի դարձներ այս հիմնախնդիրը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2019