ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐԸ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ աշխատանքային այցելութեան ընթացքին յայտարարութիւններ ըրաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան հարցազրոյց մը տուաւ FOX LA-ի թղթակցին եւ այս առթիւ խօսեցաւ նաեւ ղարաբաղեան հիմնախնդրին շուրջ։ Այսպէս, Փաշինեան կը սպասէ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունի հակամարտութեան կարգաւորման իր առաջարկած բանաձեւը, ըստ որու որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի ժողովուրդի, Արցախի ժողովուրդի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդի համար։ Փաշինեան ըսաւ.
«Մենք պատրաստ ենք լուծումներ գտնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար։ Իմ պատգամը այն է, որ հակամարտութեան որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն համար։ Ես Հայաստանի առաջին առաջնորդն եմ, որ կ՚ըսէ, թէ կարգաւորումը պէտք է ընդունելի ըլլայ նաեւ Ատրպէյճանի համար։ Այս պատճառով զիս քննադատեցին Հայաստանի մէջ, սակայն սա կարեւոր է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման տեսակէտէ։ Այժմ ես կը սպասեմ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նոյնպէս ըսէ եւ նոյն բանաձեւը ընդունի»։
Փաշինեան աւելցուց, որ եթէ Ատրպէյճանի ղեկավարն ալ ընդունի այս բանաձեւը, ապա բաւական պիտի մօտենան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման։ Նիկոլ Փաշինեանի այս յայտարարութիւնները զուգադիպեցան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի միջեւ Նիւ Եորքի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցած հանդիպման։ Հայ եւ ազէրի նախարարները տեսակցեցան՝ մասնակցութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըրի (Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի։ Մնականցեան եւ Մամետեարով միջնորդներուն հետ հանդիպեցան նաեւ առանձին։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մնացականեան-Մամետեարով հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ հարցերը եւ ընդհանուր արժեւորման ենթարկուեցաւ ներկայ իրավիճակը։ Մնացականեան բարձր գնահատեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու եւ Անճէյ Կասպրչիկի գործունէութիւնը։ Քննարկման ժամանակ հայկական կողմը կարեւորեց հրադադարի ամրապնդման եւ լարուածութեան նուազեցման ուղղութեամբ շարունակական ջանքերու գործադրումը՝ ներառեալ համապատասխան դրութիւններու հաստատումն ու ամրապնդումը։ Ընդգծուեցաւ նաեւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման ուղղեալ հետեւողական քայլերու անհրաժեշտութիւնը, ներառեալ՝ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կեանքի կոչուիլը։
Ատրպէյճանի տարածքէն ներս կալանաւորուած Հայաստանի քաղաքացիներու առընչութեամբ՝ հայկական կողմը շեշտեց անոնց հայրենադարձութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը։ Խաղաղ գործընթացը յառաջ մղելու տեսակէտէ Զօհրապ Մնացականեան կարեւորեց կարգաւորման շրջանակներէ ներս կողմերու ստանձնելիք յանձնառութիւններու համաչափութեան ապահովուիլը վերահաստատելով այս գործընթացէն ներս Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումն ու մօտեցումները։
Կողմերը նախանշեցին այս ուղղութեամբ յետագայ քայլերը։ Ներկայիս կը նախատեսուի համանախագահներուն այցելութիւնը դէպի ղարաբաղեան հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Կը ծրագրուի նաեւ մօտաւոր ապագային հերթական հանդիպում մը կազմակերպել արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ։