ՍՈՒՐ ԵՐԿԸՆՏՐԱՆՔ…
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան կանոնադրութիւնը թէեւ հասած է պետութեան կողմէ, սակայն համայնքային կեանքէն ներս սպասողական մթնոլորտը տակաւին չէ յաղթահարուած։ Արդարեւ, երկար սպասուած կանոնադրութեան բովանդակութիւնը միանշանակ չէ ընկալուած եւ ծնունդ տուած է շարք մը հարցականներու՝ մասնաւորապէս միայն Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի ենթակայ սրբազաններուն առջեւ թեկնածութեան հորիզոն մը բացուած ըլլալուն բերումով։ Նախաձեռնարկ մարմինն ալ թէեւ հրապարակած է կանոնադրութեան բովանդակութիւնը նոյնութեամբ, սակայն տակաւին յստակ դիրքորոշում մը չէ արտայայտած այս կապակցութեամբ։ Մինչ համայնքային շրջանակները սպասումի մէջ են, այսօր երեկոյեան ժամերուն Գումգաբուի մէջ Նախաձեռնարկ մարմինը կը գումարէ արտահերթ ժողով մը։ Ընդհանուր ակնկալութիւնը այն է, որ մարմինը յստակեցնէ իր դիրքորոշումը պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութեան շուրջ եւ որոշէ, թէ ինչպիսի հունով մը պիտի ուղղորդէ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին շարունակութիւնը։ Ակնյայտ է, որ Նախաձեռնարկ մարմնի արձագանգին յապաղիլը պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին տեսակէտէ խնդրայարոյց կացութիւն մը կրնայ յառաջացնել։ Պատահական չէ, որ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ալ երէկ երեկոյեան յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերուն վրայ եւ մեր ժողովուրդին մատնացոյց ըրաւ Նախաձեռնարկ մարմինը, հանրութեան ուշադրութիւնը լարեց անոր վրայ։ Նորին սրբազնութեան այդ յայտարարութիւնը այսօր նոյնութեամբ հրատարակուած է յարակից սիւնակին մէջ։
Այս պահուն սուր երկընտրանքի մը առջեւ կը գտնուի մեր համայնքը։ Այսպէս, կա՛մ կուսակալութենէն հասած կանոնադրութեան հիման վրայ առանց ժամանակ կորսնցնելու պիտի ընտրուի Պատրիարքական Աթոռի նոր գահակալը եւ կա՛մ նոր պահանջներով եւ գուցէ անխուսափելի դատական դիմումներով դարձեալ անորոշ ժամկէտով պիտի յետաձգուին գործնական քայլերն ու պատրիարքական ընտրութիւնը։ Առանց գահակալի միջանկեալ ժամանակաշրջանի երկարաձգման վարկածը ձեւով մը մղձաւանջ մըն է մեր համայնքին համար։ Բայց եւ այնպէս, ընտրական իրաւունքներու սահմանափակումով պայմանաւորուած մտահոգութիւններն ալ անանտեսելի չեն հարիւր տոկոսով՝ թէեւ ինչպէս երէկ ալ նշած էինք, սա մեր համայնքին կողմէ այս փուլին որդեգրուած ընդհանուր ընթացքի տրամաբանական շարունակութիւնը ըլլալ կը թուի։
Բնականաբար, մեր համայնքի այժմու կարիքները հարիւր տոկոսով կարելի չէ դիմագրաւել Ազգային Սահմանադրութեան տրամաբանութիւնով, սակայն, միւս կողմէ, իրաւական բնոյթով խնդիրներուն լուծում որոնելու ժամանակ պէտք է խուսափիլ տուեալներու ընտրովի օգտագործումէն կամ նախընտրութենէն։ Սա իրաւական մասնագիտական խնդիրէ մը աւելի, նախ եւ առաջ տարրական լրջութեան, հաւասարակշռութեան հարց մըն է։
Այժմ, այս սուր երկընտրանքի մթնոլորտին մէջ մեր համայնքը կարճ ժամանակի ընթացքին կողմնորոշուելու հրամայականին դէմ յանդիման կը գտնուի։ Նախաձեռնարկ մարմինը, որ կազմուած է Աթոռը նոր գահակալով մը օժտելու նպատակով, պատմական ծանր պատասխանատուութեան գիտակցութիւնով պէտք է գործէ այս փուլին։ Ուստի, այսօր երեկոյեան նախատեսուած արտահերթ ժողովը կը համարուի եւս մէկ շրջադարձային փուլ։