«ԱՐՄԵՆԻԱ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ՍԿՍԱՒ

Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Արմենիա» միջազգային փառատօնի բացումը։ Երէկ երեկոյեան, «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրի երդիքին տակ այս փառատօնի բացման առթիւ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր համերգ մը։ Երաժշտասէրները խանդավառութեամբ հետեւեցան երեկոյթի յայտագրին։ Ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի հայ երաժշտասէրներ հնարաւորութիւն ունենան ունկնդրելու արտասահմանեան արուեստագէտներու բարձրորակ կատարումները։

Փառատօնի ծրագիրը ընթացքի մէջ պիտի մնայ յառաջիկայ օրերուն։

Այս երաժշտական փառատօնը պիտի եզրափակուի սեպտեմբերի 28-ին։ Ան այս տարի չորրորդ անգամ կազմակերպուած է։ Ծրագիրը, ընդհանուր առմամբ հինգ համերգ կ՚ընդգրկէ։ Այս ամբողջին մէջ Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբին հետ ելոյթ կ՚ունենան ջութակահարներ՝ Սթելլա Չեն, Զիա Հիւնսու Շին, դաշնակահարներ՝ Տենիզ Կոժուխին, Ֆրետի Քեմպֆ, Անտրէյ Կուկնին, թաւջութակահար՝ Ալեքսանտր Քնիազեւ, քլարինեթահար՝ Անտրէաս Օթենսամեր։

Փառատօնի կազմակերպիչներն են Մշակոյթի աջակցութեան եւրոպական հիմնադրամը, Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը եւ «Դասական Հայաստան» մշակութային հասարակական կազմակերպութիւնը։

Համերգները նախատեսուած են՝ համաճարակով պայմանաւորուած առողջապահական բոլոր չափանիշներու նկատմամբ ուշադրութեամբ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020