«ԼՈՂԱՑՈՂ ՏՈՒՆ»

Համացանցի մէջ յայտնուած են Ֆրանսական Պոլինեզիայի մէջ գտնուող հրաբխային կղզիի՝ Պորա Պորայի շուրջ զբօսաշրջիկները նաւարկութեան տանելու համար նախատեսուած շքեղ «լողացող տան» լուսանկարները։

ELYT Charter Tahiti ընկերութիւնը կը պնդէ, որ քաթամարանի ձեւաւորումը, որ տակաւին կառուցման փուլի մէջ է, ոգեշնչուած է «հին պոլինեզիական լողացող նաւերու ձեւով»։

Նաւը, որուն երկարութիւնը շինարարութեան աւարտէն յետոյ կը կազմէ 15.6 մեթր, երկու տախտակամածերու մէջ կ՚ունենայ 120 քառակուսի մեթր ընդհանուր բնակելի տարածք՝ բաւարար է ութ հիւրերու տեղաւորման համար։

Ան կ՚ունենայ չորս ննջասենեակ, երկու ճեմիշ, կահաւորուած խոհանոց եւ ճաշասենեակ, տանիքին՝ հանգիստի համար նախատեսուած վայր։

Ընկերութիւնը մտադիր էր նաւը գործարկել յառաջիկայ ամրան, սակայն շինարարութիւնը յետաձգուած էր քորոնաժահրի համավարակի պատճառով: ELYT Charter Tahiti ընկերութիւնը յոյս ունի նաւը գործարկել մինչեւ տարեվերջ:

Վարձակալութեան գիները մէկ գիշերուան համար կը սկսին 1776 տոլարէն։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020