«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»Ի ԹՈՒԱՅՆԱՑՈՒՄ

Սփիւռքահայ մամուլի հարուստ աւանդութիւններով օրկաններէն «Հայրենիք» թերթի թուայնացման ծրագիրը աւարտելու վրայ է։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը հրատարակուի «Հայրենիք»ը, որ ամերիկահայ համայնքի ձեւաւորման ու կազմաւորման վկան դարձած լրատուամիջոց մըն է։ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ հովանաւորուած այս թերթը սփիւռքեան լրատուամիջոցներու շարքին ունի առանձնայատուկ դիրք մը։ Ըստ «Ուաթըրթաուն»էն, Մասաչուսեց, հասած լուրերուն,  գրեթէ աւարտած է «Հայրենիք»ի եւ անգլիատառ՝ «Արմինիըն Ուիքլի»ի համարներուն թուայնացման աշխատանքը։ Կը մնան քանի մը պակաս թիւեր՝ այս ծրագիրը վերջնականապէս ի կատար ածելու համար։ Նոյն աղբիւրները կը յիշեցնեն, որ 1899-էն ի վեր «Հայրենիք»ը եւ 1934-էն ի վեր «Արմինիըն Ուիքլի»ն իրենց բովանդակութեամբ հետեւողական ձեւով ներդրում կ՚ունենան ազգային, ընկերային եւ մշակութային բնագաւառներէ ներս։

Քանի մը տարի առաջ սկսած թուայնացման աշխատանքը կարելի պիտի ըլլայ աւարտել յառաջիկայ ամիսներուն՝ շնորհիւ անձնուրաց կամաւորներու եւ առատաձեռն նուիրատուներու։ Հրատարակչատունը պիտի նախաձեռնէ նաեւ ցարդ  կատարուած կարգ մը հրատարակութիւններու թուայնացման գործին։ Նկատի առնուած են յատկապէս այն գործերը, որոնք սպառած կամ գրեթէ անգտանելի են։

Անհատապէս կարելի է բաժանորդագրուիլ՝ Gmail-ի հաշիւի միջոցաւ։ Տարեկան սակն է 35 տոլար։ Հանրային գրադարաններ տարեկան 500 տոլար վճարելով կրնան օգտուիլ այս արխիւներէն՝ ապահովելով իրենց բոլոր անդամներուն համար հասանելիութիւն։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020