ԱՄԵՆԱԶՈՒԱՐՃԱԼԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐ

Բրիտանական Daily Mail պարբերականը ամենամեայ Comedy Wildlife Photography Awards մրցանակաբաշխութեան արդիւնքներուն անդրադարձած է՝ ներկայացնելով վայրի բնութեան մէջ ապրող կենդանիներու ամենազուարճալի լուսանկարներու շարքը։

Յայտնի է, որ ամբողջ աշխարհէն տաղանդաւոր լուսանկարիչներ ամէն տարի այս մրցոյթին մասնակցելու համար հազարաւոր լուսանկարներ կ՚ուղակեն՝ յոյս ունենալով յայտնուիլ լաւագոյններու շարքին մէջ։

Ընկերութեան հիմնադիրներ՝ Թոմ Սալըմ եւ Փոլ Ճոյնսըն Հիքս մրցոյթը կը կազմակերպեն վայրի բնութեան պահպանման մասին իրազեկուածութեան մակարդակի բարձրացման նպատակով։ Անոնք յոյս ունին, որ լուսանկարները մարդիկը կը դրդեն գնումներ կատարել պատասխանատուութեամբ, վերանայիլ իրենց ջրօգտագործման սովորութիւնները եւ իրազեկ ըլլալ շրջակայ միջավայրի խնդիրներու մասին։

Պարբերականը կը մանրամասնէ, որ այս տարուան մրցոյթի մասնակցութեան համար հազարաւոր լուսանկարներ ներկայացուած են, սակայն անոնցմէ միայն 44-ը եզրափակիչ փուլ հասած են։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020