ԱՆՑԵԱԼԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁ

«Սիւփէր Մարիօ» խաղի ստեղծողները կը վերաթողարկեն 1980-ականներու յայտնի Game & Watch խաղի սարքը։ Այսպէս, ճաբոնական Nintendo խաղային ընկերութիւնը յայտարարած է իր Game & Watch խաղաբարձակի (քոնսոլ) վերադարձի մասին, որ 35 տարի առաջ՝ 1985 թուականին, իսկական հետաքրքրութիւն յառաջացուցած էր խաղային շուկային մէջ։

Սարքը արտադրուած է 11 տարի՝ մինչեւ 1991 թուականը, սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրով հնարաւոր էր ընդամէնը մէկ խաղ խաղալ։

Նոր Game & Watch-ը արտաքնապէս նման պիտի ըլլայ 1980-ականներու բուն սարքին, միայն թէ այս անգամ ան համալրուած պիտի ըլլայ գունաւոր LCD պաստառով, ինչպէս նաեւ պիտի ունենայ մարտկոց եւ USB միակցիչ:

Սարքը կը ներառէ մէկ անգամէն երեք խաղ՝ Super Mario Bros.-ը, Super Mario Bros: The Lost Levels-ը եւ Ball-ը։

Մինչ այդ, սա առաջին դէպքը չէ, երբ ընկերութիւնը կը փորձէ նոր կեանք հաղորդել իր արտադրանքներուն։ Ընկերութիւնը արդէն վերաթողարկած է իր շարք մը խաղերու դասական տարբերակները։

Game & Watch-ը, որու թողարկումը նուիրուած է սարքի 40-ամեայ յոբելեանին, վաճառքի կը հանուի 2020 թուականի նոյեմբերի 13-ին՝ 49 տոլարով։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020