ԻՍԿԱԿԱՆ ԳԼՈՒԽԳՈՐԾՈՑՆԵՐ

Երեւանի մէջ երէկ սկսաւ իտալացի մեծանուն խումբ մը նկարիչներու գլուխ գործոցներու ցուցահանդէսը, որ բացուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ապարանքէն ներս։ Այդ գլուխ գործոցները ժամանակաւորապէս պիտի զարդարեն նախագահական ապարանքը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 17-րդ դարու իտալացի մեծանուն նկարիչներու՝ Ճովանի Անթոնիօ Քանալի, Պեռ-նարտօ Պելոթոյի, Ֆրանչեսքօ Կվարտիի եւ Միքելէ Մարիէսքույի կտաւները մաս կը կազմեն այս բացառիկ ցուցահանդէսին։ Բոլորն ալ իւրայատուկ մեկնաբանած են Վենետիկի Ս. Մարկոսի հրապարակը։

Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը երէկ տեղի ունեցաւ նախագահ Արմէն Սարգսեանի մասնակցութեամբ։ Ան յայտնեց, որ սոյն հաւաքածոն Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլայի աջակցութեամբ Հայաստան տարուած է։ Մաթարելլա ո՛չ միայն յարգուած իրաւաբան մը, հոյակապ դասախօս մը եւ գիտնական մըն է, այլեւ՝ մեծ արուեստասէր մը։ Ըստ Սարգսեանի, այս ցուցահանդէսը իրականութեան մէջ երկկողմանի է։ Ըստ համաձայնութեան, հայկական կողմն ալ ցուցահանդէս մը պիտի կազմակերպէ Իտալիոյ նախագահական պալատէն ներս։ Արմէն Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ Հռոմ պիտի տարուին Այվազովսքիի, Մարտիրոս Սարեանի, Կոջոյեանի նման յայտնի հեղինակներու ստեղծագործութիւնները։

Անդրադառնալով Երեւանի մէջ ներկայացուած կտաւներուն՝ Արմէն Սարգսեան ընդգծեց, որ անոնք կապուած են քաղաքի մը հետ, որ շատ սրտամօտիկ է հայերուն։ Խօսքը կը վերաբերի Վենետիկին։ «Ան մեզի մօտ է բազմաթիւ պատճառներով։ Վենետիկը մեզի մօտ է ո՛չ միայն Մխիթարեան միաբանութեան համար, այլեւ հայ առեւտրականները Վենետիկի հետ կապ ունեցած են դարեր շարունակ։ Մինչեւ այսօր մենք հսկայական ներկայութիւն ունինք այնտեղ։ Վենետիկի համալսարանին մէջ կայ հայագիտական կեդրոն։ Վենետիկի հետ կապուած են շատ յայտնի անուններ, իտալացի դասախօսներ, ճարտարապետներ, արուեստաբաններ, որոնք նաեւ տեղեակ են հայ ճարտարապետութեան եւ ճարտարագիտութեան մասին, բազմաթիւ գիրքեր ու յօդուածներ ունին։ Հետեւաբար, ձեւով մը Վենետիկը նաեւ հայկական քաղաք է», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

Բացման արարողութեան ընթացքին նախագահը մասնաւորապէս գնահատեց Երեւանի մօտ Իտալիոյ դեսպան Վինչենցօ տել Մոնաքոյի դերակատարութիւնը կազմակերպչական աշխատանքներուն ուղղութեամբ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020