ՀԱՄԵՂ ԱՐՁԱՆԻԿՆԵՐ

Ռուսաստանի մայրաքաղաքը՝ Մոսկուայի մէջ բնակող հրուշակագործ Տիլիա Քապիլովա մասնագէտ դարձած է սննդային խորհրդապաշտ գեղեցիկ արձանիկներ պատրաստելու գործին մէջ։ Անոնք կը նմանին յախճապակիէ տիկնիկներու: Քապիլովա նման արձանիկներ կ՚օգտագործէ գրեթէ բոլոր կարկանդակներու համար՝ ամբողջացնելով քաղցրաւենիքի ընդհանուր տեսքը համահունչ նիւթով:

Անոր «Տիզնէյի արքայադուստրեր» շարքը կը ներառէ այնպիսի յայտնի հերոսուհիներու արձանիկներ, որոնց շարքին են Ռափունզել, Ժասմին, Էլսա, Ալիս հրաշքներու աշխարհի մէջ եւ այլն: Հրուշակագործը բաւականին յայտնի դարձած է Instagram-ի մէջ, ուր ունի 117 հազար հետեւորդ, որոնք յաճախ կը նշեն, որ անոր «գլուխգործոցները չափազանց լաւ տեսք ունին ուտելու համար»:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020