ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԶՕՐՔԵՐՈՒ «ԿՈՎԿԱՍ-2020» ՀԱՄԱՏԵՂ ՌԱԶՄԱՓՈՐՁԸ

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի զինեալ ուժերը այս շրջանին կ՚իրականացնեն «Կովկաս-220» զօրավարժութիւնները։ Ռազմավարական, հրամանատարաշտապային բնոյթ ունին այս ռազմափորձերը, որոնք տեղի կ՚ունենան «Ալագեազ» զօրավարժարանէն ներս։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստան-Ռուսաստան միացեալ զօրքերու հրամանատար Տիգրան Բարվանեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ սեպտեմբերի 21-ին սկսած զօրավարժութիւնները վաղը պիտի եզրափակուին։ Երէկ արդէն աւարտած է կրակային փուլը։ Զինուորները յաջողութեամբ կատարած են իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը։

Համատեղ զօրավարժութիւններու կարեւորութեան մասին խօսելով՝ ան ըսաւ, որ հնարաւոր կը դառնայ զօրախումբի մէջ գործել մէկ հրամանատարութեան ներքեւ։ «Այստեղ կայ ներդաշնակութիւն։ Թէ՛ հայկական կողմը եւ թէ ռուսական կողմը երկուստեք շատ համահունչ գործեցին։ Ես գոհ եմ զօրավարժութիւններէն», ըսաւ ան։

Միւս կողմէ, «Անատոլու» գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Հայաստան Ատրպէյճանի հետ սահմանի վրայ կը շարունակէ սադրանքները, առկայ է լարուած սպասում մը եւ այս իրավիճակին մէջ Ատրպէյճանի բանակը խտացուցած է իր ռազմափորձերը։ Նախորդ երկու ամիսներուն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի բանակները իրերայաջորդ բազմաթիւ զօրավարժութիւններ կատարած էին։ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ զօրքերը մարտունակ վիճակի մէջ պահելու համար այս շրջանին կը կատարուին նոր ռազմափորձեր, որոնց նպատակն է վախ պատճառել Երեւանին։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ԿՈՉ

Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը տեղեկացուց, որ կը շարունակէ կոչ ուղղել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն, որպէսզի հնարաւորինս շուտ վերսկսին առարկայական բանակցութիւնները՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ։

ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները այս յայտարարութիւնը ըրած են՝ պատասխանելով www.tert.am-ի հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւններուն, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին մէջ բանակցութիւններ չկան եւ այս երեւոյթի մեղաւորը Հայաստանն է։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020