ՄԱՐՄԱՐԱ ԾՈՎՈՒՆ ՄԷՋ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ

Մարմարա ծովուն մէջ երէկ յետմիջօրէի ժամերուն տեղի ունեցաւ երկրաշարժ մը՝ ռիխթերեան չափանիշով 4.2 սաստկութեամբ։ Երկրաշարժի էփիկեդրոնը կը գտնուէր Թէքիրտաղի Մարմարա Էրէղլիսի գաւառակէն 18.87 քմ. հեռաւորութեան վրայ՝ ծովու կողմէն։ Իսթանպուլի եւ յարակից քաղաքներուն մէջ ալ զգալի դարձաւ այս երկրաշարժը, որ ծովու մակերեսէն շուրջ 6.83 քմ. խորութեան վրայ պատահեցաւ։ Նկատի ունենալով, որ երկար ժամանակէ ի վեր Իսթանպուլի մէջ սաստիկ երկրաշարժի մը կը սպասուի՝ մասնագէտներ երէկուան շարժի լոյսին տակ զանազան կանխատեսումներով հանդէս եկան զանգուածային լրատուութեան միջոցներով։

Իսթանպուլի կուսակալութիւնը տեղեկացուց, որ երկրաշարժի հետեւանքով ժխտական որեւէ երեւոյթ չէ յառաջացած։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020