ՆԱՍԱ-ԷՆ ՄՐՑՈՅԹ

Ամերիկեան Օդագնացութեան եւ տիեզերական տարածութեան հետազօտութիւններու ազգային գործակալութիւնը (ՆԱՍԱ) առաջարկած է Լուսնի մակերեսէն հող բերելու համար մասնաւոր ընկերութիւններու միջեւ մրցոյթ կազմակերպել։ Այսպէս, ՆԱՍԱ-ն ամերիկեան եւ այլ մասնաւոր ընկերութիւններու առաջարկած է պարգեւատրման փոխարէն մասնակցիլ Լուսնի մակերեսէն ռեկոլիթ նիւթը հաւաքելու եւ Երկիր հասցնելու մրցոյթին: Այս մասին կը տեղեկացնէ տիեզերական ընկերութեան տնօրէն Ճիմ Պրայտընսթայնի հաղորդագրութեան մէջ: Վերջերս ՆԱՍԱ-ն առաջարկած է մասնաւոր ընկերութիւններուն «նախապատրաստել իրենց ծրագիրները տիեզերքի մէջ աղբիւրներու արդիւնահանման վերաբերեալ»:

Մրցոյթի հաւանական մասնակիցներէն կը պահանջուի ոչ մեծ քանակութեամբ քարեր հաւաքել Լուսնի մակերեսի իր փափաքած կէտէն, նիւթի հաւաքման տեսողական ապացոյց ներկայացնել, ինչպէս նաեւ վայրի մասին տուեալները եւ ձեռք բերուած իրերը տրամադրել ՆԱՍԱ-ին:

ՆԱՍԱ-ն կը նախատեսէ ամբողջ գործընթացը աւարտին հասցնել մինչեւ 2024 թուականը:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020