ՍԿԶԲՈՒՆՔԱՅԻՆ ԸՆԹԱՑՔ

Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երէկ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը գումարեց ժողով մը, որ տեւեց աւելի քան չորս ժամ։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ նիստը, որ առիթ հանդիսացաւ հերթական անգամ ընդգծելու համար՝ արեւելեան Միջերկրականի իրադարձութիւններու Թուրքիոյ տեսակէտէ հրատապ բնոյթը։ Ժողովէն վերջ հրապարակուած զեկոյցին մէջ ալ շեշտը դրուեցաւ նոյն նիւթին եւ Թուրքիոյ կողմէ որդեգրուած սկզբունքային ընթացքին վրայ։ «Ապագային եւս անզիջում ձեւով պիտի շարունակուի՝ թուրք ազգի օդի, ցամաքի եւ ծովու իրաւունք ու շահերուն պաշտպանութիւնը», նշուեցաւ զեկոյցին մէջ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ժողովի ընթացքին քննարկման նիւթ դարձան գործունէութիւնները այն դերակատարներուն, որոնք արեւելեան Միջերկրականէ ներս իրաւասութեան գօտիներու շուրջ տարակարծութիւններու վրայով կը ձգտին լարուածութիւն հրահրել։ Ոչ-զինուորական կարգավիճակով կղզիներու զինման խնդիրը եւս դրուած է սեղանի վրայ։ Աչալրջութեան կոչ ուղղուած է այն երկիրներուն, որոնք միջազգային իրաւունքի եւ համաձայնութիւններուն ներհակ կը գործեն։ Անգարա բոլոր հարթութիւններու վրայ եւ առաջնահերթօրէն կողմնակից է երկխօսութեան՝ տարածքաշրջանի բնական պաշարներու արդար ձեւով բաժնուելու նիւթին շուրջ։ Տարածքաշրջանային կամ համաշխարհային բոլոր հակամարտութիւններու պարագային Թուրքիա միշտ հետամուտ է արդարութեան եւ իրաւունքի։ Արեւելեան Միջերկրականի վերաբերեալ իր դիրքորոշումն ու գործողութիւններն ալ նոյն շրջանակին մէջ յառաջ կը տարուին։ Եւրոմիութեան գլխաւորութեամբ բոլոր կառոյցները եւ հակամարտութիւններու միջամտած պետութիւնները պէտք է յարգեն Թուրքիոյ այս սկզբունքային դիրքորոշումը, նաեւ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան իրաւունքներն ու շահերը։ Խորհուրդի զեկոյցին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ կացութեան։ Ընդգծուեցաւ, որ Թուրքիա այդ երկիրներէն ներս օրինականութեան հիման վրայ ահաբեկչութեան դէմ կը պայքարի եւ կը խրախուսէ կայունութեան վերահաստատումը։ Անգարա պիտի շարունակէ իր ընթացքը՝ այդ երկիրներէ ներս խաղաղութեան ու բարեկեցութեան ապահովման նպատակով։ Ի շարունակութիւն կոչ ուղղուեցաւ միջազգային հաւաքականութեան, որպէսզի շօշափելի քայլերու ձեռնարկուին ապօրինի խմբաւորումներու, ահաբեկչական կազմակերպութիւններու եւ զանոնք խրախուսող դերակատարներու դէմ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020