ՎԱՂԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ ՀԱՄԵՐԳ

Հայաստանի Սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնը մասնաւոր ծրագիր մը պատրաստած է մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան տարեդարձին առթիւ։ Այսպէս, վաղը Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ բացօթեայ մասնաւոր համերգ մը, «Կոմիտասին 151» խորագրին ներքեւ։ Երեւանի Կոմիտասի անունին ձօնուած Սենեկային երաժշտութեան տան յարակից պարտէզին մէջ նախատեսուած է համերգը, տեղական ժամով 19.30-ին։ Համերգի ծրագիրը պիտի բաղկանայ Կոմիտասի մաքրամաքուր ստեղծագործութիւններէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երեկոյթի ընթացքին հանդէս պիտի գան «Հովեր» պետական սենեկային երգչախումբը (խմբավար՝ Սօնա Յովհաննիսեան) եւ «Կոմիտաս» ազգային քառեակը։

Հարկ է յիշեցնել, որ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանը ընդգրկուած էր ԻՒՆԷՍՔՕ-ի օրացոյցին վրայ եւ 2018-2019 թուականներուն ամբողջ աշխարհի մէջ նշուեցաւ մեծ շուքով։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020