ՄԱՀ՝ ՀԱՄԼԷԹ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է փորձառու դիւանագէտ ու վաստակաշատ թարգմանիչ Համլէթ Գասպարեան։ Սա իսկապէս մտաւորական անհատի մը կորուստն է, որ մեծ ցաւ յառաջացուցած է։ Վերջին տարիներուն Համլէթ Գասպարեան կը պաշտօնավարէր՝ որպէս հանրապետութեան նախագահի խորհրդական։ Ուստի, նախագահական աշխատակազմն ալ երէկ խոր ցաւով գուժեց Համլէթ Գասպարեանի կորուստը։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ 72 տարեկան հասակին կեանքէ հեռացած Համլէթ Արամայիս Գասպարեան նուիրեալ զաւակն էր իր երկրի ու ժողովուրդի։ Ան այդպիսին էր թէ՛ կեանքի մէջ, թէ՛ աշխատանքային գործունէութեան ամբողջ ընթացքին եւ թէ մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ։

Համլէթ Գասպարեան 1950 թուականին ծնած էր Տաւուշի մարզի Աչաջուր գիւղին մէջ։ 1974 թուականին աւարտած էր Երեւանի Պետական համալսարանի Բանասիրական ֆաքիւլթէի ռոմանօ-գերմանական բաժինը։ Խորհրդային տարիներուն աշխատած էր տպարաններու եւ հրատարակչութիւններու մէջ՝ որպէս սրբագրիչ եւ խմբագիր։ Ղարաբաղեան շարժման մասնակցելու առընթեր անդամակցած էր «Հայ դատի պաշտպանութեան ընկերութեան»։ Աշխատակցած էր զանազան անկախ հրատարակութիւններու եւ թերթերու։ 1989-1990 թուականներուն մասնակցած էր Երեւանի «Ազգ» օրաթերթի հիմնադրութեան, մինչեւ 1995 թուականի ապրիլը վարելով օրաթերթի գլխաւոր խմբագրի տեղակալի պաշտօնը։ Այդ ընթացքին որպէս լրագրող բազմիցս լուսաբանած էր Հայաստանի ղեկավարութեան եւ հայկական պատուիրակութիւններու արտասահմանեան այցելութիւնները։ 1995 թուականին աշխատանքի անցած էր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս։ Նոյն տարին գործուղղուած էր Փարիզ, ուր շուրջ տարի մը հայկական դեսպանութենէն ներս աշխատելէ վերջ Երեւան վերադառնալով Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս եղած էր Եւրոպայի վարչութեան առաջին քարտուղարը։ Տարի մը վերջ ալ կոչուած էր Հայաստանի Ազգային հեռուստատեսութեան ընդհանուր տնօրէնը։ Այդ պաշտօնն ալ տարի մը վարելէ վերջ, 1999 թուականին դարձեալ գործուղղուած էր Փարիզ՝ որպէս Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական։ Երեք տարի այդ պաշտօնը վարելէ վերջ Երեւան վերադառնալով Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս որպէս խորհրդական պաշտօնի կոչուած էր քաղաքական ծրագրաւորման վարչութեան մէջ։ Եղած էր նախարարութեան բանբերն ու մամլոյ ու տեղեկատուութեան վարչութեան պետը։ 2005 թուականին իրեն շնորհուած էր արտակարգ դեսպանորդ եւ լիազօր նախարարի դիւանագիտական աստիճան։

2006 թուականին դարձեալ գործուղղուած էր Փարիզ, ուր հայկական դեսպանատան մէջ աշխատած էր մինչեւ 2010 թուականը։ Ընթացքին վարած էր դեսպանորդի եւ ժամանակաւոր հաւատարմատարի պաշտօն։ 2010 թուականին գործուղղուած էր այս անգամ Պուքրէշ, ուր մնացած էր մինչեւ 2017 թուականը։ Ռումանիոյ մէջ Հայաստանը ներկայացնելու առընթեր, համատեղութեան կարգով դեսպան նշանակուած էր նաեւ Քարատաղի։ 2018 թուականին Երեւան վերադառնալով նշանակուած էր Արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական ծրագրաւորման վարչութեան պետ, նաեւ նախարարի խորհրդատու։ Նոյն տարին նշանակուած էր հանրապետութեան նախագահի խորհրդական։ Անցեալ տարի պարգեւատրուած էր «Մխիթար Գօշ» մետայլով։

Համլէթ Գասպարեան հեղինակած էր բազմաթիւ յօդուածներ, կազմած ու խմբագրած գիրքեր, թարգմանած գեղարուեստական ստեղծագործութիւններ։ Մեծ սէր ու համակրանք կը տածէր Շարլ Ազնաւուրին նկատմամբ։ Ազնաւուրի հեղինակած կամ իր մասին գրուած բոլոր գիրքերը, որոնք հասանելի են հայ ընթերցողին, կը կրեն Համլէթ Գասպարեանի անխոնջ կնիքը։ «Նիւմեկ» հրատարակչութեան հետ ալ համագործակցած էր հիմնադրութեան օրէն սկսեալ։ Յաջորդ շաբաթ լոյս պիտի տեսնէ իր թարգմանութեամբ Ազնաւուրի «Լա Պոհէմ. անցած օրեր» գիրքը։ Համլէթ Գասպարեանի հեղինակած ու թարգմանած գիրքերը աչքի կը զարնեն գեղեցիկ ու նրբաճաշակ ու յղկուած հայերէնով։

Գասպարեանի լրագրական դպրոցն ալ ինքնատիպ վարպետութեան դասընթացը կը համարուէր։ Այդպէսով հասած են բազմաթիւ լրագրողներ, որոնք այսօր արդէն յայտնի դէմքեր դարձած են հայկական լրատուական դաշտէն ներս։ Ան իր գործի իսկական մասնագէտը ըլլալու առընթեր, պետական արժանապատիւ պաշտօնեայ մըն էր, նաեւ ազնիւ ընկեր ու ընտանիքի նուիրեալ հայր։

Հայաստանի հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմը այս տխուր առթիւ ցաւակցած է Համլէթ Գասպարեանի ընտանիքին, հարազատներուն, մերձաւորներուն եւ ընկերներուն՝ բաժնելով բոլորին ծանր վիշտը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2021