ՆԱԻՐԻ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ «PEGASUS»Ի ԳԼԽԱՒՈՐ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻԻՆ
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ «Pegasus» օդային ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէնուհի Կիւլիզ Էօզթիւրքի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, «Pegasus» եւ «FlyOne Armenia» ընկերութիւնները որոշ ժամանակէ ի վեր Երեւան-Իսթանպուլ ուղիղ թռիչքներ կ՚իրականացնեն։ Երէկուան տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Կիւլիզ Էօզթիւրքի գրասենեակին մէջ, ուր ան ջերմ վերաբերմունքով հիւրընկալեց Նաիրի Պետրոսեանը։ Զրոյցի ընթացքին Նաիրի Պետրոսեան շեշտեց, որ Հայաստան մեծապէս կը կարեւորէ փոխկապակցուածութիւնն ու հասանելիութիւնը ինչպէս իր բուն տարածաշրջանէն ներս, այնպէս ալ տարածաշրջանէն դուրս։ Ուստի, այս առումով վերոյիշեալ երկու ընկերութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան կարեւոր գործընկերները կը համարուին։
Տեսակցութեան աւարտին կողմերը նոյն ջերմութեամբ հրաժեշտ տուին իրարու՝ յուսալով, թէ յառաջիկայ շրջանին անմիջական կապի մէջ կ՚ըլլան։