ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի որոնումներու շրջանակներէն ներս սա արդէն հերթական բարձր մակարդակի տեսակցութիւնն էր։ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին ուղղութեամբ երկու առաջնորդները վերջին շրջանին հետեւողականութիւն կը ցուցաբերեն։ Երէկուան տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ, ուր անոնք կը գտնուէին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 79-րդ նստաշրջանի բացման փուլի բարձր մակարդակի միջոցառումներուն առթիւ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի Թրքական տան մէջ։ Նախագահ Էրտողանին ընկերացան արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, ՄԻԹ-ի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն, Հաղորդակցութեան բաժանմունքի պետ Ֆահրետտին Ալթուն, նախագահի աւագ խորհրդական դեսպան Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ եւ այլ պաշտօնատարներ։ Վարչապետ Փաշինեանին հետ էին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան, բանբեր Նազելի Պաղտասարեան եւ այլ պաշտօնատարներ։

Տեսակցութենէն անմիջապէս վերջ առաջին փուլին որեւէ մանրամասնութիւն չհաղորդուեցաւ զրոյցի բովանդակութեան մասին։ Աւելի ուշ հայկական կողմը տեղեկացուց, որ Էրտողան եւ Փաշինեան մանրամասն անդրադարձած են Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի շրջանակներէն ներս արդէն իսկ կատարուած քայլերուն եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն։ Ընդգծուեցաւ կարգաւորման գործընթացը առանց նախապայմաններու շարունակելու եւ յարաբերութիւններուն նոր ազդակ հաղորդելու պատրաստակամութիւնը։ Կողմերը անդրադարձ կատարեցին նաեւ տարածաշրջանային հարցերու։

Փաշինեան Էրտողանին տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի առկայ իրավիճակին շուրջ։ Ան շեշտեց հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը յարաբերութիւններու կարգաւորման ենթադրեալ պայմանագրի ստորագրման ուղղութեամբ։ Փաշինեան Էրտողանին տեղեկութիւններ տուաւ նաեւ՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան շուրջ։

Բացի երէկ Փաշինեանի հետ տեղի ունեցած հանդիպումէն, նախագահ Էրտողան ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման առթիւ համաշխարհային կազմակերպութեան ամպիոնէն ունեցած ելոյթին ժամանակ ալ անդրադարձաւ Անգարա-Երեւան համատեղ օրակարգի վերաբերեալ հարցերուն։ Նախագահը շեշտեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կ՚ազդէ նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն վրայ։ «Անգարա կ՚աջակցի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ հաշտութեան գործընթացին։ Կը յուսանք, թէ այդ գործընթացը կ՚աւարտի, որքան հնարաւոր է շուտ եւ մենք կը լսենք բարի լուրեր», ըսաւ ան։

Էրտողան անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն՝ ընդգծելով, որ կողմերը նոյնպէս ջանքեր կը գործադրեն կարգաւորման համար։

Թէ՛ Էրտողան եւ թէ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ երկկողմանի հարթութեան վրայ կ՚ունենան բազմաթիւ շփումներ։ Այս ամբողջին մէջ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Նիւ Եորքի մէջ մէկտեղուեցաւ նաեւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հետ։ Միւս կողմէ, Նիւ Եորքի այս շփումներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ հաղորդուեցաւ, որ Պաքուի մէջ երէկ տեսակցած են Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2024