ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ ՅայտնաբերՈՒԱԾ՝ 414 ոտքՈՎ կենդանի ՄԸ

Կեն­դա­նա­բան­նե­րը Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Գա­լի­ֆոր­նիա նա­հան­գի քա­րան­ձաւ­նե­րէն մէ­կուն մէջ յայտ­նա­բե­րած են բազ­մո­տա­նի ար­տա­սո­վոր ա­րա­րած մը, որ ու­նի 414 ոտք, ինչ­պէս նաեւ 200 թու­նա­ւոր գեղձ ու 4 սե­ռա­կան օր­կան:

Վիր­ճի­նիոյ Փոր­ձա­գի­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի աշ­խա­տա­կից Փոլ Մա­րէք նշած է, որ յայտ­նա­բե­րուած ա­նող­նա­յա­րը՝ Illacme tobini-ն, աշ­խար­հի վրայ երկ­րորդ ա­մե­նա­շատ ոտք ու­նե­ցող ա­րա­րածն է:

Ներ­կա­յիս ա­մե­նա­շատ ոտք ու­նե­ցող Illacme pleni­pes-ն է, որ կը բնա­կի Գա­լի­ֆոր­նիոյ լեռ­նա­յին հա­տ-ւած­նե­րուն մէջ: Գիտ­նա­կան­ներ ա­ռա­ջին ան­գամ այս տե­սա­կի ա­րա­րած յայտ­նա­բե­րած են 1926 թուա­կա­նին: Հե­տա­զօ­տող­նե­րը կը նշեն, որ Illacme plenipes-ը մի­ջին հա­շուով ու­նի շուրջ 600, իսկ հա­զուա­գիւտ պա­րա­գա­յին ալ՝ 700 վեր­ջոյ­թ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2016