ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան), Ճէյմս Ո­ւոր­լիք (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Փիէռ Անտ­րիու (Ֆրան­սա), նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Ան­ճէյ Կասպր­չիկ կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց այ­ցե­լու­թիւ­նը դէ­պի Լեռ­նա­յի Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան։ Միջ­նորդ­ներն ու ի­րենց ըն­կե­րա­կից պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցան Ար­ցա­խի մէջ։ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ ա­նոնք տե­սակ­ցե­ցան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի հետ, ո­րու կող­քին էին Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեան եւ նա­խա­գա­հա­կան աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վա­րի տե­ղա­կալ Դա­ւիթ Պա­պա­յեան։

Տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան հայ-ա­զէ­րի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հե­ռան­կար­նե­րուն եւ այս գոր­ծըն­թա­ցի վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Բա­կօ Սա­հա­կեան մատ­նան­շեց, որ Ատր­պէյ­ճան կը շա­րու­նա­կէ հե­տե­ւիլ իր ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան դիր­քո­րոշ­ման՝ խախ­տել հրա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը եւ չհրա­ժա­րե­լով հա­յա­տեաց քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէ։ Ան կա­րե­ւո­րեց հրա­դա­դա­րի պահ­պան­ման եւ խախ­տում­նե­րու վե­րահսկ­ման ուղ­ղեալ դրու­թեան մշակ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Սա­հա­կեան հա­մո­զուած է, որ սա խա­ղաղ գոր­ծըն­թա­ցի ա­ռանց­քա­յին բա­ղադ­րա­մա­սե­րէն մին է։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Բա­կօ Սա­հա­կեան ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց Փիէռ Անտ­րիուին, որ կը պատ­րաս­տուի հեր­թը փո­խան­ցել ֆրան­սա­ցի այլ դի­ւա­նա­գէ­տի մը։ Սա­հա­կեան շեշ­տեց, որ Անտ­րիու ազ­նիւ եւ ար­դիւ­նա­ւէտ աշ­խա­տանք մը տա­րած է, ուս­տի ի­րեն մաղ­թեց յա­ջո­ղու­թիւն­ներ կեան­քի եւ ա­պա­գայ աշ­խա­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար։

Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի հետ տե­սակ­ցե­լէ վերջ ռուս հա­մա­նա­խա­գահ Ի­կոր Փո­փով յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րուն հա­մար։ Ան տե­ղե­կա­ցուց, որ միջ­նորդ­նե­րը Ար­ցա­խի ղե­կա­վա­րին հետ քննար­կած են հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Ըստ ի­րեն, ո­րե­ւէ նոր ա­ռա­ջարկ չէ քննար­կուած։ «Մեր ա­ռա­ջարկ­նե­րը նոր չեն, ա­նոնք սե­ղա­նին վրայ են ու քննարկ­ման ա­ռար­կայ։ Ե­րէկ այս նիւ­թին շուրջ խօ­սած ենք Պա­քուի մէջ, շատ ման­րա­մասն քննար­կում տե­ղի ու­նե­ցաւ։ Այ­սօր Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ խօ­սե­ցանք առ­կայ վի­ճա­կին եւ ռազ­մա­կան ի­րադ­րու­թեան մա­սին։ Բա­կօ Սա­հա­կեան ներ­կա­յա­ցուց տե­ղի ու­նե­ցած եւ սպա­սուող փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն շուրջ», ը­սաւ Փո­փով։

Միջ­նորդ­նե­րը Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ տե­սակ­ցե­ցան նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մնա­ցա­կա­նեա­նի հետ։ Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան շօ­շա­փուե­ցան շփման գծի կա­ցու­թիւ­նը ու մա­նա­ւանդ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րուն կող­մէ կա­տա­րուած վեր­ջին ներ­թա­փանց­ման փոր­ձը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, խօ­սե­լով շփման գծի վրայ ԵԱՀԿ-ի դի­տորդ­նե­րու թի­ւը ա­ւե­լաց­նե­լու նիւ­թին շուրջ՝ Ի­կոր Փո­փով մատ­նան­շեց, որ հար­ցը այս պա­հուն տա­կա­ւին կը մշա­կուի։ Փո­փով մեկ­նա­բա­նեց նաեւ Հոկ­տեմ­բե­րի 14-ին Ե­րե­ւա­նի մէջ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի կող­մէ կա­տա­րուած այն յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, թէ Թուր­քիա կրնայ դրա­կան դեր մը ու­նե­նալ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծին մէջ։ «Կը կար­ծեմ՝ Լաւ­րով նկա­տի ու­նե­ցած է 2009 թուա­կա­նին Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ կնքուած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց վա­ւե­րաց­ման ու փակ սահ­ման­նե­րու վե­րա­բաց­ման պա­րա­գան կրնայ դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւն մը ու­նե­նալ ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման վրայ», ը­սաւ Փո­փով։

Մինչ այդ, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի նախ­կին ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ար­ման Մե­լի­քեան մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց, որ շա­հագր­գիռ բո­լոր կող­մե­րը տա­րածք յանձ­նե­լու պատ­գա­մը կը յղեն Ար­ցա­խին ու Հա­յաս­տա­նին։

ՀԱ­ՍԱ­ՆՈ­ՎԻ ԱՅ­ՑԸ

Միւս կող­մէ, Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի օգ­նա­կան­նե­րէն Ա­լի Հա­սա­նով այ­ցե­լեց Թուր­քիա։ Ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուի կող­մէ։ Ըստ Պա­քուի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն՝ Չա­վու­շօղ­լու-Հա­սա­նով տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին յա­տուկ ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձան երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ նոր ռազ­մա­վա­րու­թիւն­նե­րու մշա­կու­մը, թուրք եւ ա­զէ­րի սփիւռք­նե­րու հար­ցե­րը։ Շօ­շա­փուե­ցաւ նաեւ Ան­գա­րա­յի եւ Պա­քուի ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը նոր մա­կար­դա­կի մը բարձ­րաց­նե­լու հար­ցը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2016