ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀԻՒՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն երէկ երեկոյեան ժամանեց Երեւան, ուր «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։ Երեւանի մէջ այս առաւօտ Ճոն Պոլթըն ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Արմէն Գրիգորեանի առընթեր տեսակցութեան ներկայ էին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, վարչապետի աւագ խորհրդական Արսէն Գասպարեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Պոլթըն Փաշինեանի առընթեր առանձին հանդիպումներ կ՚ունենայ Արմէն Գրիգորեանի, Զօհրապ Մնացականեանի եւ Դաւիթ Տօնոյեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գայ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ։ Հարկ է նշել, որ սա ամերիկեան ամենաբարձր մակարդակի եւ ամենախոշոր պատուիրակութեան մը այցելութիւններէն մին է դէպի Երեւան՝ վերջին տարիներու կտրուածքով։

Երեւան հասնելէ առաջ Պոլթըն շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ։ Ա-տըրպէյճանի ղեկավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ բանակցութիւններ վարելու ժամանակ ան արծարծեց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Պոլթըն նշեց, որ ԱՄՆ կը սատարէ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման։ «ԱՄՆ՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ պետութիւն, կը սատարէ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ ճանապարհով կարգաւորման. խաղաղութիւնը կարեւոր է թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ Հայաստանի համար», նշեց Պաքուի մէջ Պոլթըն։

ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը պատրաստուին յաջորդ շաբաթ այցելել ղարաբաղեան հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան երէկ տեղեկացուց, որ միջնորդներու այցելութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւնները պիտի հաղորդուին աւելի ուշ։ Ան խօսեցաւ նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ վերջերս ստեղծուած ուղղակի կապին շուրջ։ Նաղդալեանի խօսքով՝ սա գործող կապ մըն է եւ անոր նպատակն է՝ խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի ձեւաւորումն ու ամրապնդումը։ Նկատի ունենալով, որ օր մը առաջ Արցախի մէջ Ատրպէյճանի զօրքերու կողմէ բացուած կրակի հետեւանքով հայ զինուոր մը վիրաւորուած էր՝ լրագրողներ հարց տուին այդ դէպքին եւ ղեկավարներու միջեւ հաստատուած կապին շուրջ։ Ի պատասխան Նաղդալեան ըսաւ, որ այդ կապը հաստատուած չէ հանրային յայտարարութեան համար, իսկապէս գործող կապ մըն է։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

Երէկ Նիկոլ Փաշինեանն ալ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս երեսփոխանի մը հարցման պատասխանելով հերթական անգամ խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ «Հայաստանի մէջ չի կրնար ըլլալ իշխանութիւն մը, որ առանց ժողովուրդի կարծիքը հաշուի առնելու կրնայ լուծել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը», ըսաւ ան։

Խորհրդարանի ամպիոնէն ունեցած ելոյթին ժամանակ Փաշինեան շարունակեց. «Հայաստանի մէջ որեւէ իշխանութիւն, նոյնիսկ ամենաբռնապետական իշխանութիւնը, չի կրնար Ղարաբաղի հարցը լուծել առանց ժողովուրդի կարծիքը հաշուի առնելու։ Ժողովուրդի կարծիքն է այն վճռական գործօնը, որ պէտք է որոշէ՝ ձեռնտո՞ւ է ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծման այս կամ այն տարբերակը, կամ ոչ։ Նոյնիսկ բանակցային սեղանի շուրջ քննարկուածը էական չէ։ Քսան տարի քննարկուած է, ի՞նչ եղած է։ Ղարաբաղի հարցի թաքուն լուծում չի կրնար ըլլալ։ Արցախի ժողովուրդի եւ իշխանութիւններու դիրքորոշումը վճռական նշանակութիւն ունի եւ սա քմահաճոյքի հարց չէ։ Հակամարտութիւնը չի լուծուիր, եթէ լուծման որեւէ տարբերակ չ՚ընդունուիր Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդի կողմէ։ Հայկական կողմի տեսակէտը այն է, որ առանց Արցախի կարգավիճակի ճշգրտման անհնար է պատկերացնել հարցի լուծումը։ Եթէ բանակցային գործընթացին մէջ ձեւաւորուի տարբերակ մը եւ մենք համարենք, որ այդ մէկը արժանի է ժողովուրդի քննարկման ներկայացնել, բնականաբար այդ մէկը առաջինը ես կ՚ընեմ։ Քանի տակաւին Արցախի իշխանութիւնները ներգրաւուած չեն բուն գործընթացին՝ կը նշանակէ, որ մենք մօտ չենք հարցի կարգաւորման։ Ես չեմ ըսած, որ մենք չենք բանակցիր՝ մինչեւ որ Արցախի իշխանութիւնը ներգրաւուած չըլլայ։ Ես ըսած եմ, որ ես լիազօրուած եմ բանակցիլ Հայաստանի անունով, սակայն լիազօրուած չեմ բանակցիլ Արցախի անունով, որովհետեւ Արցախի ժողովուրդը չի մասնակցիր Հայաստանի իշխանութեան ձեւաւորման։ Բայց սա չի նշանակեր, որ ես կ՚ըսեմ, թէ պէտք չէ բանակցիլ»։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՄԱՄԷՏԵԱՐՈՎ

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով յայտարարեց, որ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութիւնը կասեցուցած է երկխօսութեան գործընթացը։ Ան յոյս յայտնեց, թէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը մօտաւոր ապագային քաղաքական կամք կը դրսեւորէ՝ որպէսզի երկխօսութեան գործընթացը ներկայ ձեւաչափով շարունակուի։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2018