ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան ընդառաջ, երէկ երեկոյեան Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Պաքըրգիւղի մէջ մասնակցեցաւ խանդավառ երեկոյթի մը։ Թաղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ նորին սրբազնութեան համար կազմակերպուած էր ժողովրդական հանդիպում մը, որ արտասովոր ոգեւորութեան մը թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս փուլին եւս շինիչ պատգամներ տուաւ՝ միշտ գերադասելով ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս միասնականութեան ոգին եւ համախոհութիւնը։ Երեկոյթի ընթացքին նորին սրբազնութիւնը շրջապատուեցաւ համախոհներու, պատգամաւորական թեկնածուներու, համակիրներու եւ մեր համայնքի բազում անդամներէն բաղկացեալ հոծ բազմութեան մը կողմէ, մինչ առարկայ դարձաւ նաեւ հեղինակաւոր համայնքային գործիչներու եւ յայտնի բարերարներու բացայայտ զօրակցութեան։

Բոլոր անոնք, որոնք կը զգան համայնքային շրջանակներու զարկերակը, արդէն կը հետեւին, որ վերջին շրջանին ընդհանուր մթնոլորտը կ՚ենթարկուի փոփոխութեան։ Նոր հաւասարակշռութիւններ կը ձեւաւորուին համայնքէն ներս եւ այդ երեւոյթի վառ ապացոյցները հանդիսացան վերջին օրերուն հրապարակուած շարք մը յայտարարութիւնները։ Ի լրումն այս բոլորին, Պաքըրգիւղի երէկուան հաւաքոյթն ալ եկաւ ապացուցանել, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ գլխաւորուած Մանիշակագոյն շարժումը հետզհետէ կը ծաւալի, մեր ժողովուրդի վստահութեան առարկայ կը դառնայ՝ համայնքային շրջանակները հաղորդ դարձնելով իր իրատես ու համոզիչ մօտեցումներուն։

Պաքըրգիւղի երէկուան երեկոյթին ժամանակ սրահը ամբողջութեամբ լեցուցած ներկաները նախ հետեւեցան տեսանիւթի մը՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին։ Աւելի վերջ սկսաւ ասուլիսի բաժինը, զոր վարեց Պաքըրգիւղի ընտանիքի յայտնի անուններէն Ասլին Ուսթաարամօղլու։ Բացումէն անմիջապէս վերջ արտայայտուեցան Մանիշակագոյն շարժման ներկայացուցիչներէն՝ լրագրող-հրապարակագիր Արա Գօչունեան եւ ծանօթ ազգային գործիչ Նաժտա Շատեան, որոնք նախընտրական գործընթացին կապակցութեամբ ըրին ընդհանուր արժեւորում մը եւ մատնանշեցին այն հանգամանքները, որոնցմով Տ. Արամ Արք. Աթէշեան՝ որպէս թեկնածու կ՚առանձնանայ այս ամբողջին մէջ։

Աւելի վերջ խօսք առաւ նորին սրբազնութիւնը, որ ներածական բաժինէ մը վերջ պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։ Իսկապէս հետաքրքրական հարցումներ ուղղուեցան Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին։ Անոնք կը վերաբերէին թէ՛ իր ապագայի տեսլականին եւ թէ որպէս պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ պաշտօնավարած շրջանի հաշուեկշռին։ Նորին սրբազնութիւնը մանրամասն պատասխաններ տուաւ բոլոր հարցումներուն։

Հարցում-պատասխանի ընթացքին միջոց մը սրահէն ներս մթնոլորտը ելեկտրականացաւ։ Փոթորկալից վիճակ մը ստեղծուեցաւ, երբ ներկաներէն մին մեղադրական ոճով, պատշաճութեան սահմաններէ դուրս, բաւական ծանր նախատինքներով փորձեց թիրախաւորել նորին սրբազնութիւնը։ Թէեւ ներկաները պոռթկումով ընկալեցին այս բոլորը, սակայն Տ. Արամ Արք. Աթէշեան համբերատարութեամբ ապահովեց, որ ենթական խօսքը հասցնէ իր աւարտին։ Նորին սրբազնութիւնը այդ անվայել արտայայտութիւններուն փոխարէն պատասխաններ տուաւ հայրական բարձրութեան վրայ մնալով եւ իր այդ վերաբերմունքով սրահէն ներս վերահաստատուեցաւ բնականոն կացութիւնը։

Հարցում-պատասխանի բաժնի աւարտին Արա Գօչունեան համառօտ ամփոփում մը ըրաւ երեկոյթի ընթացքին ծաւալուած քննարկումներուն շուրջ։ Եզրափակիչ փուլին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յուշանուէր մը յանձնեց երեկոյթի պատուոյ հիւրին՝ տիրամայր Մարի Մութաֆեանին, որ յայտարարած է իր զօրակցութիւնը ի նպաստ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին։ Նորին սրբազնութիւնը ծափահարութիւններու տարափի մը մթնոլորտին մէջ յանձնեց տիրամօր յուշանուէրը։ Զուգահեռաբար պաքըրգիւղցի խումբ մը երիտասարդներ ալ ծաղկեփունջ մը յանձնեցին նորին սրբազնութեան։ Այս բոլորէն վերջ միաբերան արտասանուեցաւ Տէրունական աղօթքը եւ ներկաները դահլիճէն դուրս եկան նորին սրբազնութեան արձակման աղօթքով։

Մուտքասրահին մէջ կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին ալ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ շրջապատուեցաւ ներկաներուն կողմէ, որոնց հետ մինչեւ ուշ ատեն շարունակեց անմիջական զրոյցը։ 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2019