ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԹՈՔԻՈՅԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ԱՊԷԻ ԿՈՂՄԷ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան դէպի Թոքիօ աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ Ճաբոնի վարչապետ Շինծօ Ապէի հետ։ Հանդիպման ընթացքին Շինծօ Ապէ ողջունեց Արմէն Սարգսեանի մասնակցութիւնը Ճաբոնի նոր կայսր Նարուհիթոյի գահակալութեան արարողութեան։ Շինծօ Ապէ ընդգծեց, որ իր երկիրը հետաքրքրուած է Հայաստանի հետ համագործակցութեան զարգացման։

Իր կարգին, Արմէն Սարգսեանն ալ նշեց, որ Հայաստան եւ Ճաբոն թէեւ աշխարհագրականօրէն իրարմէ բաւական հեռու են, սակայն մօտ են արժէքներով։ «Երկուքս ալ հնագոյն ժողովուրդներ ենք եւ զանազան առումներով ունինք շատ նմանութիւններ։ Մենք պէտք է նայինք առաջ։ Ապագան կ՚ենթադրէ համագործակցութիւն։ Հաւատացած եմ, որ կրնանք միասին շատ բան ընել», ըսաւ ան։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան հանդիպման ընթացքին Հայաստան այցելել հրաւիրեց Շինծօ Ապէն։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2019