«ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ»Ի ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ. «ԱՐԴ ԵՒՍ»

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը արեւմտահայ մշակոյթի յարատեւման ու խրախուսման տեսլականով նոր ծրագրի մը ձեռնամուխ եղած է։ Կը հաղորդուի, որ այս նոր նախաձեռնութեան նպատակն է ամրապնդել լեզուի եւ մշակոյթի ներքին ու հարազատ կապը, քաջալերելու համար արեւմտահայերէնով մշակութային ստեղծագործութիւնը։ Ըստ այս նախագիծին, արեւմտահայերէնն է արարումի հիմնական միջոցը։

«Արդ եւս» կը կոչուի այս նոր ծրագիրը, որով պիտի խթանուի ստեղծագործական միտքը՝ մշակութային արդիականութիւն մը գոյացնելու եւ արեւմտահայերէնով յղացուած նորաշունչ նախաձեռնութիւններ մշակելու համար։ Այս նախագիծը կը քաջալերէ որեւէ ստեղծագործ կիրարկութիւն, արտայայտութիւն կամ ներկայացում, ուր լեզուն կարեւորագոյն գործօնն է։ Ծրագիրները կրնան ըլլալ միջգիտակարգային ու կրնան թիրախաւորել արտայայտութեան զանազան միջոցներ. ինչպէս՝ գրականութիւն, երաժշտութիւն, տեսողական արուեստներ, նորարար հեռարձակումներ կամ այլ որեւէ արտայայտութեան միջոց։

Մշակոյթները եւ ինքնութիւնները միշտ կը զարգանան ու կը փոփոխուին՝ յատկապէս սփիւռքեան իրականութեան մէջ։ Իւրաքանչիւր սերունդ կը ստեղծէ իր իսկ մշակութային իրականութիւնը՝ հիմնուելով նախորդ իրագործումներու եւ փորձառութիւններու վրայ։ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը կը ձգտի խթանել զարգացումի, նորոգումի եւ ինքնութեան կերտումի կամ վերակերտումի այս հոսանքները՝ առիթ ընծայելով, որ հայ ստեղծագործ միտքեր դրսեւորուին որեւէ ձեւով, իրենց իսկ իրականութիւններուն համապատասխան առընչելի նիւթերով։ Արդարեւ, արեւմտահայերէնով ներգործուն եւ ժամանակակից մշակոյթ մը զարգացնելու անյետաձգելի պահանջի գոյութիւնը վէճէ դուրս է։ Վտանգուած լեզուի մը կենսունակութիւնը ապահովելու առաջին նախադրեալը կը համարուի անով մշակոյթ մը ստեղծելը. մշակոյթ, որ երիտասարդներուն կապուած է եւ անոնց կողմէ կը ստեղծուի։ Հայ լեզուն եւ մշակոյթը չեն կրնար զերծ մնալ միջազգային հոսանքներէ՝ մանաւանդ, երբ ամէն օր համաշխարհային ուժականութեան յարացոյցներու փոփոխութիւններու օրինակները իրարու կը յաջորդեն, թեքնոլոժիք սրընթաց նորութիւններով, կենսոլորտային աղէտներով եւ ինքնութիւններու զարգացումով հանդերձ։ Լեզուն եւ մշակոյթը աշխարհի հետ շաղկապելու հրամայականը կրնայ ապահովել, որ անոնք մնան կենսունակ եւ առընչելի։

«Արդ եւս» ծրագրին վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութիւններ հասանելի են «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի կայքէջին վրայ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2021