ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄ

Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը այս օրերուն կ՚այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ 81-ամեայ պատրիարքը ուղեւորութեան ընթացքին անհանգստանալով Ուաշինկթընի մէջ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ։ Ան երէկ ԱՄՆ-ի մայրաքաղաքի Ս. Սոֆիա եկեղեցիին մէջ պիտի հանդիսապետէր կիրակնօրեայ արարողութեան, սակայն ինքնազգացողութեան վատացման հետեւանքով փոխադրուեցաւ «Ճորճ Ուաշինկթըն» համալսարանի հիւանդանոցը։ Ամենայն հաւանականութեամբ ճնշումի տատանում մը խնդրոյ առարկայ դարձաւ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի պարագային։ Բժիշկները ախտաճանաչած են, որ երկար թռիչքի եւ ծանրաբեռնուած ծրագրի պատճառով իր մօտ գերյոգնածութիւն յառաջացած է։ Բժիշկները յանձնարարած են հանգստանալ եւ առ ի զգուշութիւն պատրիարքը փոխադրուած է հիւանդանոց, ուրկէ ամենայն հաւանականութեամբ դուրս կու գայ այսօր։

Անցեալ շաբաթավերջին Ֆէնէրի մէջ նշուած էր Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի գահակալութեան 30-ամեակը։ Յոբելենական հանդիսութիւններէն վերջ ան ուղեւորուած էր դէպի ԱՄՆ, ուր 12-օրեայ ծրագրի մը պիտի հետեւէր։ Կը հաղորդուի, որ նախատեսուած են Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի հանդիպումները ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի, պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի, Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի դեսպաններուն եւ յառաջատար դէմքերու հետ։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ դեսպանութիւնն ալ ուշադրութեամբ կը հետեւի Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի առողջական վիճակին։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2021