ԹԵՀՐԱՆ-ՊԱՔՈՒ ՄԵՂՄԱՑՈՒՄ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցան։ Վերջին շրջանին Թեհրան-Պաքու առանցքին վրայ յառաջացած լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ նախարարները քննարկեցին կողմերու յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ապտուլլահիան եւ Պայրամով դրական գնահատական տուած են՝ վերջին մէկ շաբթուայ կտրուածքով երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած զարգացման։ Փոխադարձ դրական քայլեր որակուած են Իրանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքի անհրաժեշտութեան վերաբերեալ յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ՝ Իրանի քաղաքացի երկու վարորդներու ազատ արձակուիլը։

Այս հեռախօսազրոյցի լոյսին տակ ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մըն ալ հանդէս եկաւ Ամիր Ապտուլլահիան։ Այսպէս, համապարփակ յարաբերութիւններու ճանապարհային քարտէսին շուրջ անկեղծ, ջերմ եւ շինիչ զրոյց մը տեղի ունեցած է նախարարներուն միջեւ։ Իրանի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններու եւ ժողովուրդներուն միջեւ կապերու՝ փոխադարձ յարգանքի լոյսին տակ ընդլայնման յոյսն ալ ընդգծուած է նախարարներուն կողմէ։

«ԻՐՆԱ» գործակալութեան հաղորդումներով, Ապտուլլահիան դիտել տուած է, որ Թեհրան վճռական է Պաքուի հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները ընդլայնելու եւ խորացնելու հարցին մէջ։ Ան բարձր գնահատեց կալանաւորուած երկու վարորդներու ազատ արձակուիլը եւ այդ մէկը որակեց շինիչ քայլ մը, որ կրնայ անհրաժեշտ հիմքը ստեղծել թիւրիմացութիւններու յաղթահարման համար։ 

Իր հերթին, Պայրամով ողջունեց կողմերու ձեռնարկած դրական քայլերը՝ թիւրիմացութիւններու յաղթահարման համար։ Վերոյիշեալ զարգացումները Պայրամովի կողմէ որակուեցան՝ որպէս ազդանշան թիւրիմացութիւններու յաղթահարման ճանապարհին։

Ապտուլլահիան կոչ ուղղեց, որպէսզի Ատրպէյճանի հետ սահմանամերձ տարածքներէ ներս Իրանի բեռնատարներու երթեւեկութիւնը դիւրացուի։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2021