ՊԻՒՏՃԷԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս այս առաւօտ տեղի ունեցաւ մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստ մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ 2022 թուականի պետական պիւտճէի օրէնքի նախագիծի վերաբերեալ քննարկումներ ծաւալելու նպատակով կազմակերպուած էր այս համատեղ նիստը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան այս առթիւ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Անդրադառնալով պիւտճէի նախագիծին՝ վարչապետը տեղեկացուց, որ կառավարութիւնը յաջորդ տարի կը նախատեսէ քափիթալ ծախսերը 55 տոկոսով աւելցնել։ Այդ գումարը 347 միլիառ հայկական դրամ պիտի կազմէ։ Ան կրկնեց, որ յառաջիկայ տարուայ պետական պիւտճէն հիմուած է երեք առաջնահերթութեան վրայ. անվտանգութեան համակարգի բարեփոխում եւ բարելաւում, ենթակառուցուածքներու զարգացում, կրթութեան ու գիտութեան արդիականացում։

Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ օրակարգի վրայ եկած՝ տարածքաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման հեռանկարը։ Ան ընդգծեց, որ սա կրնայ որակապէս փոխել Հայաստանի տնտեսութեան բովանդակութիւնն ու կառուցուածքը։ Այսպէս, անվտանգութեան համակարգի զարգացման իմաստով վարչապետը կարեւորեց ոչ միայն բանակի պաշտպանական կարողութիւններու արդիականացումը, այլեւ՝ երկրին շուրջ բարենպաստ արտաքին միջավայրի ձեւաւորումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ տարածքաշրջանի համար խաղաղ զարգացման դարաշրջան մը բանալու օրակարգի հետեւողական իրագործումը։ «Սա մենք կը տեսնենք մեր տարածքաշրջանէն ներս թշնամանքի մթնոլորտի յաղթահարման, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման նպատակով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափով բանակցային գործընթացի վերականգնման, տարածքաշրջանային տնտեսական ու փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման միջոցաւ», ըսաւ վարչապետը։

Խորհրդարանի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ սա նաեւ կրնայ յաւելեալ խթան մը դառնալ երկրի ներքին ենթակառուցուածքներու զարգացման համար, կրնայ ապահովել երկարաժամկէտ ներառական տնտեսական աճ՝ քաղաքացիներուն համար ստեղծելով հաւասար պայմաններ տնտեսական գործունէութեան ներգրաւուելու տեսակէտէ, նաեւ էականօրէն կրնայ բարձրացնել տնտեսութեան գրաւչութիւնը տեղական կամ օտար ներդրողներու պարագային։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2021