ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցական այցելութիւն մը տուաւ նորոգ հանգուցեալ պետական գործիչ ու մտաւորական Վանօ Սիրադեղեանի ընտանիքին։ Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Վանօ Սիրադեղեանի մահուան զուգահեռ Նիկոլ Փաշինեան բարոյական զօրակցութիւն յայտնած է անոր ընտանիքին։

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան շրջանին լուրջ դերակատարութիւն ունեցած, նախկին ներքին գործոց նախարարներէն, Երեւանի նախկին քաղաքապետներէն, «Ղարաբաղ» կոմիտէի անդամ Վանօ Սիրադեղեանի մահուան մասին ընտանիքին կողմէ հաղորդուած էր հոկտեմբերի 16-ին։ Ան միջազգային հետախուզման պայմաններուն մէջ, ամենայն հաւանականութեամբ արտասահմանի մէջ, անյայտ վայրէ ներս մահացած է։ Հայաստանի կառավարութիւնը քանի մը օր առաջ հաղորդած էր, որ Վանօ Սիրադեղեանի յուղարկաւորութեան համար պիտի ստեղծուի մասնաւոր յանձնաժողով մը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2021