ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐՈՒ ԱՌԱՆՑՔ

Թիֆլիզի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որ պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս ընդունուեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի կողմէ։ Թիֆլիզի եւ Պաքուի ղեկավարութիւններուն միջեւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ տեղի ունեցած այս բանակցութիւններուն առթիւ հնչեցին նաեւ Երեւանին ուղղեալ զանազան պատգամներ։ Ղարիպաշվիլի յայտարարեց, որ իր երկիրը կը շարունակէ աջակցիլ Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացին։ «Մենք քննարկեցինք տարածաշրջանի առկայ իրավիճակը, անդրադարձանք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցային գործընթացի սկսելուն վերաբերեալ վերջին համաձայնութեան։ Սա, ի հարկէ, յոյս կը ներշնչէ մեզի։ Վրաստան ամբողջութեամբ պատրաստ է շարունակել խաղաղութեան քաղաքականութիւնը, որուն մենք միասին սկսած ենք», ըսաւ Ղարիպաշվիլի եւ աւելցուց, որ Թիֆլիզի կողմէ առաջարկուած խաղաղ հարեւանութեան նախաձեռնութիւնը չի հակասեր համագործակցութեան այլ որեւէ ձեւաչափի կամ չի փոխարիներ որեւէ մէկը։ «Ընդհակառակն, սա կը նպաստէ ու ես կը հաւատամ, որ միասին մենք շատ կարեւոր գործեր կ՚ընենք», ըսաւ Ղարիպաշվիլի եւ աւելցուց, որ Ատրպէյճան Վրաստանի ամենակարեւոր ռազմավարական գործընկերն է։

Իր կարգին, Իլհամ Ալիեւն ալ յայտարարեց, որ իր երկիրը դէմ չէ Երեւան-Թիֆլիզ-Պաքու ձեւաչափով խորհրդակցութիւններու։ «Եթէ Հայաստան պատրաստ ըլլայ, մենք պատրաստ ենք սկսիլ թէկուզ այսօր», ըսաւ Ալիեւ Թիֆլիզի մէջ։ «Ղարաբաղեան պատերազմէն յետոյ նոր իրավիճակ ստեղծուած է։ Ես Վրաստանի վարչապետին տեղեկացուցած եմ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ընթացող խաղաղ բանակցութիւններուն մասին։ Կը կարծենք, որ այս հակամարտութեան լուծումը կը պահանջէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի մը ստորագրումը։ Մենք Հայաստանին արդէն ներկայացուցած ենք հինգ հիմնարար սկզբունք։ Կը յուսանք, որ Հայաստան քաղաքական կամք կը ցուցաբերէ, խաղաղութեան բանակցութիւններուն կը սկսի եւ խաղաղութեան պայմանագիր կը ստորագրէ Ատրպէյճանի հետ։ Եթէ այս բանը տեղի ունենայ, ապա Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն կը հաստատուի եւ համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւններ կը յայտնուին», աւելցուց Ալիեւ։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճան մտադիր է յառաջիկայ հինգ տարուան ընթացքին կրկնապատկել դէպի Եւրոպա արտածած բնական կազի ծաւալը։ Ռուսական «Քոմերսանթ»ը տեղեկացուց, որ 2027 թուականի դրութեամբ այդ ցուցանիշը 20 միլիառ խորանարդ մեթր պիտի կազմէ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2022