ՄԱՔՐՈՆ ԿԸ ՅԻՇԵՑՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ

Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ Ուքրայնայի պատերազմը պէտք չէ պատճառ դառնայ, որպէսզի աշխարհ պարտաւորուի մոռնալ այլ հակամարտութիւնները, որոնք տեղի կ՚ունենան Հայաստանի, Սուրիոյ, Իրաքի, Սոմալիի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ «Այսօր կան մարդիկ, որոնց վրայ կը յարձակին, իսկ միւս կողմէ կան առաջնորդներ, որոնք որոշած են յարձակիլ, ներխուժել եւ նուաստացնել։ Չէզոք մնալը պիտի նշանակէ գիտակցիլ, որ ուժեղի օրէնքը կը դառնայ ընդհանուր օրէնք», ըսաւ Էմմանիւէլ Մաքրոն։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2022