ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ՄԻՇՏ ԲԱԽՈՒՄ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ բախումները կը շարունակուին։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի բանակի ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով կրակ բացած են սահմանի արեւելեան հատուածէն ներս տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ։ Կէս գիշերը անց պատահած այս դէպքերէն վերջ, այս առաւօտեան դրութեամբ սահմանի իրավիճակը գնահատուած է յարաբերականօրէն կայուն։ Կէս գիշերը անց տեղի ունեցած այս բախումներէն առաջ, երէկ երեկոյեան ժամերուն ալ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ սահմանի նոյն հատուածէն ներս Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումներ կատարուած են՝ շուրջ ժամ մը տեւողութեամբ։ Հայկական կողմը կորուստներ չէ ունեցած։

Միւս կողմէ, Հայաստանի խորհրդարանի ընդդիմադիր պատգամաւորներէն Սէյրան Օհանեան, որ երկրի նախկին պաշտպանութեան նախարարներէն է, երէկ յայտարարութիւններ ըրաւ սեպտեմբերի 13-ին տեղի ունեցած Ատրպէյճանի լայնածաւալ յարձակումներուն մասին։ Ըստ Սէյրան Օհանեանի, այդ դէպքերուն ժամանակ աւելի քան 50 դիրք յանձնուած է Ատրպէյճանին։

Իր կարգին, իշխանական ճամբարի երեսփոխաններէն Արմէն Խաչատրեանն ալ յայտնեց, որ անցեալ մէկ տարուան ընթացքին Ատրպէյճանի բանակը գրաւած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի շուրջ 127 քառակուսի քիլօմեթրը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2022