Հինգշաբթի 16, Յունուար 2025
«3+3»Ը ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԱՐԹԱԿ ՉԷ
Մինչ Թեհրանի մէջ «3+3» ձեւաչափով կազմակերպուած ժողովին արձագանգները կը շարունակուին, Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեկով «BBC»ին տուած հարցազրոյցին ժամանակ յայտարարեց, որ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագիրը այդ հարթակին վրայ պիտի չկնքուի։ Իր խօսքով՝ ըստ էութեան, այդ հարթակը երբեք չէ նախատեսուած հակամարտութիւններու լուծման համար եւ ի սկզբանէ ենթադրած է հակամարտութեան աւարտին տարածաշրջանային համագործակցութեան հաստատումը։
Միւս կողմէ, երէկ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյց մը։
Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2023