ԺՈԼԻԻ ԱՅՑԸ

Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի այսօր կը ժամանէ Երեւան, ուր իր այցելութիւնը կը շարունակուի մինչեւ հոկտեմբերի 27-ը։ Ան կ՚ընդունուի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։ Մելանի Ժոլի Երեւանի մէջ կը մասնակցի Գանատայի նոր դեսպանատան բացման հանդիսաւոր արարողութեան։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այցելութեան նպատակն է խորացնել Հայաստան-Գանատա յարաբերութիւնները։ Մելանի Ժոլի Երեւանի ղեկավարութեան հետ կը քննարկէ՝ Արցախէն տեղահանուած քաղաքացիական անձերու հրատապ կարիքները դիմագրաւելու ուղիները։ Ըստ գանատական կողմին, նոր դեսպանատան բացումն ալ առիթ կ՚ընձեռէ երկկողմանի կապերու ամրապնդման եւ հայկական ժողովրդավարութեան ի նպաստ աջակցութեան մեծացման։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2023