ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Երեւան-Փարիզ առանցքին վրայ համագործակցութիւնը նոր հարթութիւն մը թեւակոխած է՝ պաշտպանական բնագաւառի վերաբերեալ նոր նախաձեռնութիւններով։ Այսպէս, Ֆրանսա Հայաստանին պիտի վաճառէ ռատարներ եւ հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներ։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան վերջին օրերուն հիւրընկալուեցաւ Ֆրանսայի զինեալ ուժերու նախարար Սեպաստիան Լըքոռնիւի կողմէ։ Երկու նախարարները սոյն վաճառքին վերաբերեալ համաձայնագիր մը ստորագրեցին հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ, ինչ որ լայն արձագանգ գտած է միջազգային լրատուամիջոցներու կողմէ։ «Ռէօյթըրզ» գործակալութիւնը անդրադարձած է այս գործարքի մանրամասնութիւններուն։
Նախարար Լըքոռնիւ հայ-ֆրանսական պաշտպանական համագործակցութեան տեսակէտէ առանձնացուցած է երեք առաջնահերթութիւն։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի զինեալ ուժերու նոր վերափոխման ի նպաստ աջակցութիւնը, ուսուցումն ու ցամաքային հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու ուժեղացումը մաս կը կազմեն այս ամբողջին։
Փարիզի բանակցութիւններու ընթացքին Պապիկեան եւ Լըքոռնիւ անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերու՝ մինչ պաշտօնականացուցին Հայաստանի կողմէ Ֆրանսայէն զէնքի ձեռքբերումը։